ՕՐ ՄԸ ԵՏՔ
Երեւումիդ առաջին,
Եկար խոնարհ ու լուռ.
Հանգչեցար սեղմ կողքիս աթոռին
Ու զննեցիր զիս գաղտագողի,
Երբ ես հեռուներն էի իմ երազներով,
Չէի գիտեր թէ երազն է իմ քով,
այնքա՜ն մօտ:
Երկրորդ անգամ դուն եկար յաւակնոտ.
Կանգնեցար իմ դիմաց դերովդ Սեդայի,
Մարտահրաւէր կարդացիր
Նայուածքներովդ հպարտ,
Աչքերովդ բոցավառ...
Այդ օրէն ասդին,
Եղար տենչանքն իմ ամբողջ,
Եղար ցայգալոյսին ընդմէջէն պարզուող
Այն էա՜կը խորհրդաւոր,
Որ կը յամենայ երեւակայութեանս ոլորտները,
Տեսիլքով մը ոգեղէն...
Յայտնումէդ օր մը ետք միայն,
Գիշերապահին նման,
Կ’ապրիմ նոր տեսիլքիս հաւատաւոր:
1988