ՀԵՌՈՒԻ ՈՒ ՄՕՏԻԿԻ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒ

ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՕՐ

 

Երբ հեւասպառ օրուան ղօղանջները մարին,

Երեկոն իր մուգ շղարշը տարածէ չորսդին,

Մտքերն իմ կը թռչին անարգել, հեռուները չորս ծագին

Աշխարհի, ուր սիրելիներ երէկի, այսօրի, ուրախ կը շնչեն,

Կ’երկնեն բոյնը շէն, երգն իրենց կ’երգեն՝ յոյզերով առլցուն,

Ուղեւորութիւն մը երազային, հեքիաթային պառիկին նման,

Պիտի տարածէ սիրոյ դրուագներ կարծես, անխտիր բոլորին,

Երբ գիշերի շղարշը թանձր, իր հրապոյրը տարածէ չորսդին:

 

Ու մտքի ողջոյններ կը բաշխեմ բոլորին, անխտիր,

Որ լոյսին հետ բերէ անոնց խաղաղութիւն անհուն, երջանիկ օրեր,

Մինչ աշխարհ կը տուայտի ցաւերու, կռուի մէջ խելագար,

Ու մարդ արարածը՝ վիշտն ու խինթը գրկած կը քալէ անեզր

Հորիզոնին դէմ յանդիման, ի խնդիր բարւօք օրերու երազանքը

Գրկած, իմ մաղթանքները ձեզի ընծայ, յոյսի համբոյրներ

Ու վարդայեղ գալիքի մը զեփիւռը թող ըլլայ, սիրելիներ:

 

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Թորոնթօ, Յունուար 2024