ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ


Թաթուլ Յակոբեանը մեր իրականութենէն ներս մտաւ Ազդակ Օրաթերթի էջերէն, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նուիրուած իր յօդուածներով, հուսկ՝ դասախօսութիւններով։ Իր հետաքրքրական եւ խորաթափանց վերլուծումները, հարցերը ներկայացնելու իր առարկայական եւ անաչառ մօտեցումը, իր հրապարակագրական ու արհեստավարժ գրիչը արդէն գրաւեց սփիւռքի մտաւորական եւ ազգային-հասարակական կեանքով զբաղող հայորդիներու ուշադրութիւնը։ Կարճ ժամանակ ետք, կարդացինք իր Կանաչ ու Սեւ, Արցախեան Օրագիր հատորը որ կը ներկայացնէր Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմի փուլերը, հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքական, դիւանագիտական կեցուածքներն ու մօտեցումները, Հայաստանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները՝ պատմական խոր վերլուծութիւններու ֆոնի մը վրայ եւ հասկցանք թէ գործ ունինք լուրջ բանասէրի մը հետ, որ ոչ միայն չոր ու ցամաք պատմական տուեալներ կը ներկայացնէ, այլեւ քաղաքական ամբողջ ենթահողին վերլուծութեան ու քուլիսներու ետին տարուող պայքարին ու իրադարձութիւններուն թափանցելու հմտութիւնը ունի եւ այդ բոլորը ներկայացնելու՝ զուտ արհեստավարժ, առարկայական, բծախնդիր եւ միաժամանակ, յափշտակութեամբ ընթերցուելու մօտեցումով մը։

Գիտէինք թէ կ’աշխատէր հայ- թրքական յարաբերութիւններու հոլովոյթը քննարկող գործի մը վրայ։ Կը սպասէինք այդ գործի լոյս ընծայման։ Վստահ էինք որ ներկայացուելիքը իւրայատուկ աշխատասիրութիւն մը պիտի ըլլայ։ Թաթուլ Յակոբեան արդէն փնտռուած փորձագէտն ու լրագրողն էր հայաստանեան թէ սփիւռքեան մամուլին մէջ։ իր կարճ ու կուռ յօդուածները հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր մամուլ ընթերցող մեր հասարակութեան կողմէ։ Ահաւասիկ ան այսօր մեզի կ’ընծայէ  իր Հայեացք Արարատէն՝ Հայերը եւ Թուրքերը պատկառելի գործը, հարիւր տարուան հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ իրադարձութիւններու հոլովոյթը ամփոփող, հասնելով մինչեւ փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը։

Թաթուլ Յակոբեան լոկ պատմաբանասիրական ժանրի գործ չէ որ կ’ընէ, այլեւ, հետախուզական, պրպտումի աշխատանք մը կը կատարէ, ուր կը միացնէ պատմաբանասիրականը՝ հրապարակագրականին, համադ-րութեամբ մը որ ընթերցումը կը դարձնէ խիստ լարուած ու հետաքրքրական։  Առարկայական է իր վերլուծման մէջ, խորաթափանց իր հետազօտութեանց մէջ, նորութիւններ հրամցնող իր իւրաքանչիւր յօդուածին թէ գրութեան մէջ։ Մեր իրականութեան Thomas Friedman-ն ու Robert Fisk-ն է. Անուններ՝ որոնք հանրային կարծիքին վրայ ազդելու եւ ներգործելու կարողութիւնը ունին։ Կը կարծեմ, շատ շուտով ինք եւս, պիտի դառնայ հայ ու միջազգային լրագրական-հրապարագրական ու մտաւորական իրականութեան մէջ խիստ փնտռուած ու յարգուած գրիչ մը, տեսաբան մը, վերլուծաբան մը։ Իր նոր գործը կը կարծեմ պիտի երկար քննարկուի ու խօսուի մեր մամուլի թէ քաղաքական ամբիոն-ներէն։ 

Բարի երթ ու նորանոր վերելքներ կը մաղթեմ քեզի, սիրելի Թաթուլ, վարձքդ կատար։

Խաչիկ Տէտէեան