ՅԱՃԱԽԱՆՔ

Դաշնամուրի թախծոտ նուագին հետ ալեծուփ,

Կը տողանցէ, հեւքոտ քայլերով, յիշատակն անո՜ր,

Եթերը յագեցուցած տուայտանքով մը մերկահրապոյր,

Հանդիպման խելայեղ մոլուցքով մը զիս ոգեւորած:

 

Պիտի գտնէ բառը խոհական

Իր հոգւոյն ուղեկիցը թափառական

Գիշերին մէջ անրջական,

Անձկութեամբ տուն վերադարձող 

Յաղթական իշխանին նման:

 

Ու երբ գայ ան,

Դողդոջուն ձայնով մը պիտի փսփսամ անոր.

- Տա՜ր զիս, հոգեակ, ափունքներդ հեռաւոր,

Կղզիի եզերածին սունկերէն հաւաքենք կրկին,

Նման այն առաւօտուն հէք,

Երբ զարթնած՝ մեր քունէն անուշաբոյր,

Թաց սունկեր կային, զերդ բարձեր, մեր գլխուն ներքեւ:

 

Ծովուն բացերը նետուած ուռկաններուն նման,

Նաւարկենք պիտի միասին, գիշերին մէջ տարտամ,

Մեր երազներուն ուռկանը փռած

           խաղաղած ծովուն բացերը,

Բախտորոշ բերքին սպասումով:

 

Ո՜հ, երթանք կրկին այդ ուղիներէն երազային,

Մեր անուրջներու մեղմաձայն նաւարկումին հետ,

Վաղ առաւօտեան մեր դէմքի տաք ցօղերը սրբելու

Արտորանքով մը հրճուագին:

 

Այս գիշեր, իմ քաղցրիկ յուշ,

Քեզ կրկին տեսնելու անձկութիւնը հզօր

Մենութիւնս կը վերածէ

Յաճախանքի մը անհրապոյր:

 

2008