Janbazian family
65 Skymark drive, 2803
Toronto ON M2H 3N9
Խաչիկ Տէտէյեան
Անթիլիասի Մայրավանք,
Լիբանան:
Սիրելի Խաչիկ,
Նախ եւ առաջ սրտանց կը շնորհաւորեմ «Ազդակ»ի խմբագիրն ու խմբագրական կազմը, որ բարի գաղափարը ունեցան այս անգամ «Ազդակ» Փիւնիկ սրահին մէջ կազմակերպելու քու գրական ստեղծագործութիւններէդ՝ ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ Գ. Հատորի հրատարակութեան առիթով հաւաքոյթ գրքի Շնորհահանդէսը։
Սիրելի Խաչիկ,
Գրական որեւէ ստեղծագործութիւն, կը ներկայացնէ մարդ արարածին, մարդկային ընկերութեան ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր ապրումներն ու տագնապները: Քերթուածներ, վէպեր, բանաստեղծութիւններ գրելու համար կը բաւէ որ գրողը ըլլայ անկեղծ նախ նիւթին, իր անձին եւ ապա ընթերցողին հետ, որովհետեւ, գրագէտի մը բանաստեղծի մը գործերուն յաջողութեան երաշխիքը անոր մտքերու անկեղծութիւնն է:
Սիրելի Խաչիկ, մշակութային, ազգային, գրական եւ թեմական անդաստանէն ներս դուն եղար գերազանցապէս յաջող եւ արդար ներկայութիւն, որ մեծապէս կառինքնէ մեզ բոլորս:
Այո՛, բանաստեղծական միտքն ու գրական պատումները այս օրերուն, ցաւ ի սիրտ քիչերն է, որ կը կարդան ու կը գնահատեն, մենք կը հաւատանք սակայն, որ քու իմացական զգացական գրութիւններուդ շնորհիւ մերօրեայ երիտասարտները պիտի կարողանան հաղորդակցիլ քու զգացումային իրականութեանց հետ եւ վայելել քու քերթուածներուդ ու բանեստեղծութիւններուդ մէջ թաքնուած հայ ոգիին ձայնը, մեր ցաւերու եւ յաջողութիւններու մշտանորոգ ապրումները, ինչպէս նաեւ հաւաքական յոյզերու եւ յոյսերու ապրումներն ու գեղեցիկին լուսաճաճանչ պատկերները:
Ժիւլիէթն ու ես սրտանց կը շնորհաւորենք քեզ սիրելի խաչիկ: Այս առիթով կը շնորհաւորենք Գերաշնորհ Տ. Շահէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եզակի այս գրական հատորի շնորհահանդէսի պատուական ու օրհնաբեր հովանաւորութեանը համար:
Կանխայայտ յաջողութիւն կը մաղթենք հատորը ներկայացնող՝ Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանին, ողջոյնի խօսքեր արտասանող Քեռորդիիս՝ Վարուժան Արք. Հերկէլեանին, Սեդա Խտըշեանին, դոկտ. Իւրնէշեանին եւ Ահարոն Շխրտըմեանին:
Սիրելի Խաչիկ, այս առիթով, ի խորոց սրտի մեր ուրախութեան խօսքը կուղենք նաեւ հազարաւոր մղոններ կտրած քու երազային ապրումներուդ աղբիւրը եղող թանկագին կողակիցիդ՝ մեր սիրելի Իրմային, որ իր խորահմուտ ասմունքով, պիտի թագադրէ օրուան գրական հանդէսը:
Սրտանց կը մաղթենք, որ Ամենակալ Տէրը քեզի տայ առողջ, զգօն, ապահով եւ արեւաշող օրեր պսակուած լիառատ յաջողութիւններով, Թող գրիչդ մնայ արգասաբեր այսօր եւ միշտ անգին ընկեր:
Անարատ հայկական գինիյով թաթախուած ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ Գ. Հատորը թող յաւետ մնայ անսասան...: Ձեր անգին կենացը
Ջերմ սիրով՝
Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեան
Թորոնթօ,
20 Փետրուար, 2023