“Համազգային”ի 95-ամեայ Երթը
Համազգայինի 95-ամեակը պարտաւորեցնող եւ յիշարժան առիթ է, ոչ միայն յիշատակելու եւ փառաբանելու Համազգայինի 95-ամեայ փառայեղ երթը, այլ նաեւ ինքնաքննութեան եւ ծրագրումի, այսօրուան փոփոխուող աշխարհի եւ մեր իրականութեան փոթորկոտ ժամանակաշրջանի բազում պարտաւորութիւններուն դիմաց:
Յետ-ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, արդէն հարիւր տարի, Համազգայինի աշխարհատարած ցանցը իր կարելին ըրաւ հայապահպանութեան եւ մեր մշակութային վերելքին ի խնդիր: Պայմանները տարբեր էին, իսկ այսօր, բոլորովին տարբեր: Հարկ է նոր գործիքակազմ, կարենալ շարունակելու մեր սփիւռքեան պայքարը, կլանող մշակոյթներու հորձանուտին մէջ: Նոր սերունդներուն համար, Համազգայինը պարտի դառնալ գրաւիչ եւ համարկող տուն, առողջ աշխատանքի դաշտ եւ մեր մշակոյթը օտարին բացող փարոս:
Հարիւր տարի Համազգայինը կատարեց պետական մշակոյթի նախարարութեան գործն ու պարտաւորութիւնը սփիւռքեան դաժան իրականութեան դիմաց: Յետ-անկախութեան, Հայաստանի պետութիւնը պարտէր ստանցնել սփիւռքի հայագաղութներու մշակութային պահպանման գործը: Դժբաղդաբար, այլ էր մօտեցումը Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններուն: Սփիւռքի ներուժը չի գնահատուիր արժանի կերպով հայրենի հասարակութեան մօտ: Միաժամանակ, Սփիւռքի պահպանումն ու հզօրացումը որպէս զէնք ու զրահ Հայաստանի պահպանման եւ հզօրացման չի հասկցուիր արդար կերպով: Ասով հանդերձ, Համազգայինը պարտի շարունակել իր առաքելութիւնը, սփիւռքեան յարակից կազմակերպութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ կողքին, ի խնդիր հայ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթով ու աւանդութիւններով սնանելու զանոնք, հայը հա՛յ պահելու դժուարին գործին մէջ, ինչքան որ այդ մէկը կարելի ըլլայ: Բայց դիւրին պիտի չըլլան գալիք տասնամեակներն ու յառաջիկայ 95-ամեայ երթը:
*****
Նկատի ունենալով, որ պարտիմ խօսիլ իմ անձնական փորձառութեանս մասին, հարկ է նշեմ, որ իմ լումաս Համազգայինէն ներս եղած է Գասպար Իփէկեան Թատերախումբին գործունէութեան ծիրէն ներս:
16 տարեկան պատանի, ուղղուեցայ Յակոբ Տէր Մելքոնեան Թատերասրահի առաջին յարկի վրայ գտնուող Վարչութեան սենեակը, ուր Ժորժ Սարգիսեան եւ Թատերախումբը կը պատրաստուէր Հին Աստուածներ-ու ներկայացման փորձերուն: Ամօթխած կանգնեցայ սենեակի մուտքին եւ համարձակութիւնը չունեցայ ներս մտնելու: Ճեղքէն կը դիտէի երախտաշատ դէմքերը Զեփիւռ Շանթի, Սուրէն Շանթի, Ժորժ Սարգիսեանի, Քաջազուն Ապէլի, Յարութիւն Գաբրիէլեանի, Ժիրայր Խաչերեանի (պութոն Ժիրօ), Սարգիս Գրիգորեանի եւ ուրիշներու, բոլորն ալ յառաջացած տարիքի եւ իրենց խորհրդաւոր ներկայութեամբ բազմած աթոռներու վրայ: Յանկարծ դուրս եկաւ Յարութիւն Գաբրիէլեանը եւ զիս տեսնելէ ու հարցուփորձելէ ետք ներս հրաւիրեց: Ակամայ ներս մտայ եւ կանգնեցայ Ժորժ Սարգիսեանի դիմաց.
- Ի՞նչ կ’ուզես, տղա՛ս, ըսաւ.
- Կ’ուզեմ դեր վերցնել, ըսի.
- Քանի՞ տարեկան ես տղաս, ըսաւ.
- 16 պատասխանեցի.
- Գնա՛, մեծցիր, յետոյ եկուր, ըսաւ.
- Կ’ուզեմ անպայման դեր վերցնել, ըսի.
Երբ տեսաւ թէ կը յամառիմ, ըսաւ.
-Լաւ, գալ Ջորեքշաբթի եկուր եւ դերդ ստանձնէ:
Փորձերը տեղի ունեցան արեւմտեան Պէյրութի Գասպար Իփէկեան Թատերախումբի սթիւտիոյէն ներս կանոնաւոր կերպով, մինչեւ որ 1978-ի Պէյրութի եւ հայահոծ շրջաններու ռմբակոծումները յօդս ձնդեցին բոլոր աշխատանքները:
Այդպէս մտայ Գասպար Իփէկեան Թատերախումբ, Ժորժ Սարգիսեանի խոժոռ եւ խիստ հայեացքին դիմաց: Հետագային, Գրիգոր Շահինեան ինք ստորագրեց անդամագրութեանս 2 երաշխաւորի անուններուն տակ, երբ իրեն յայտնեցի թէ տարօրինակ կը գտնեմ այդ պահանջքը:
80-ականներուն, Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցինք Մուշեղ Իշխանի Մովսէս Խորենացի եւ Պարոյր Հայկազն-ը, ապա Լեւոն Շանթի Օշին Պայլ-ը, հակառակ քաղաքացիական պատերազմի դժուարին պայմաններուն: Շատեր կը հեռանային Լիբանանէն, բայց թատրոնի խենթերը կը շարունակէին իրենց գործը:
Երբ 1988-ին Վարուժան Խտըշեան ստանձնեց Թատերախումբի ղեկավարութիւնը, որուն միացան Թատրոն 67-ի տղաքը, արդէն աւելի հասուն երիտասարդ էի, ուր Վարուժան Խտըշեան զիս նկատի ունէր Հին Աստուածներ-ու Աբեղայի դերին մէջ: Տաժանակիր փորձեր էին, պարտաւորեցնող բայց հաճելի օրեր: Բոլորը հոն էին. Թէ՛ Գասպար Իփէկեանի Թատերախումբի մեծ դէմքերը, ինչպէս Քարմէն Տէր Կարապետեան, Սարգիս Խաչատուրեան, Երուանդ Գարաճեան, Ժանօ Թոքճեան (Ճոնի պոյ), Մարի-Ռոզ, Սարգիս Տէր Խաչատուրեան (շէնք), Պետիկ Չիֆթէլեան եւ թէ ալ՝ Թատրոն 67-ի դերասանները՝ Զաւէն Պաաքլինի, Վազգէն Դարբինեան (Դարբին), Յովսէփ Գափլանեան (Եուսուֆ), Յակոբ Գալայճեան (sugar feet), Կարօ Քիրիաքօ, Ժանօ Պէքէրէճեան, քլէշին Պողոս եւ ուրիշներ: 70 հոգի բեմի վրայ: Հանդիսատեսներուն մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն էր Յակոբ Կիւլոյեանը, որուն խանդավառող ներկայութիւնը մեծ դեր կը խաղար խումբին կորովին վրայ: Չմոռնամ նաեւ Իրմա Գապաքեանը՝ Սեդայի դերով, հետագային կողակիցս: Բացառիկ իրագործում մըն էր Համազգայինի համար Հին Աստուածներ-ու ներկայացումը՝ Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ: Ափսոս, որ օրուան պատասխանատները չկրցան արհեստավարժ վիտէօ նկարահանում մը ապահովել, գալիք ժամանակներուն համար:
Աւելի ուշ, 1997-ին, բացառիկ առիթը ունեցայ մաս կազմելու Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած Արթըր Միլըրի Գինը ներկայացման, անզուգական Սօս Սարգսեանի եւ Վիգէն Ստեփանեանի հետ: Յիշատակելի երեկոներ էին ժողովրդային խուռներամ բազմութեամբ լեցուն սրահներու մէջ:
Միով բանիւ, պատիւ էր եւ հպարտառիթ ըլլալ թատրոնի երէկի արժանաւորներուն հետ: Քաղցր յիշատակներու հարուստ տարիներ էին:
Կը հաւատամ որ Համազգայինը ունի պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնը վերցնելու նոր 95-ամեակի մը ձեռնոցը եւ նայելու առաջ:
Խաչիկ Տէտէեան