ՏԵՍԻԼՔ

Կը տեսնեմ օդէն ու ցամաքէն

Երկիր ժամանող գնացքները յորդուն,

Երգ ու խնճոյք, ողջագուրում ամէնուրեք,

Կը տեսնեմ վառ արշալոյս՝ երկնակամարին,-

Մի՞թէ երազ կը տեսնեմ:

 

Կը տեսնեմ երկիր ազատ ու արդար,

Պետութիւն, ժողովուրդ ձեռք-ձեռքի տուած

Կը կերտեն նոր, հզօ՜ր հայրենիք,

Նոր սխրանք, ուժեղ ապագայ,-

Մի՞թէ երազ կը տեսնեմ:

 

Կը տեսնեմ միւս կէսն ալ միացած,

Արդէն լծուած աշխատանքի, կ᾿արարէ՜…

Հայաստան աշխարհը միացած,

Կը շնչէ հայու քիրտ ու բարբառով,-

Մի՞թէ երազ կը տեսնեմ:

 

2016