Շուշիի Ազատագրութեան 20 Ամեակը

Երբ խնդրուեցաւ ինձմէ խօսիլ ձեզի այսօր Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին մասին, պահ մը մտածեցի թէ ի՞նչ պիտի ըսէի որ կրկնութիւն չըլլար վերջին օրերուն Շուշիի մասին գրուած ու խօսուածներուն մասին, ի՞նչ ըսել, որուն տեղեակ չեն սիրելի Այնճարի աւելիով տեղեկացուած մեր ժողովորդը։ Միաժամանակ, կը խուսափէի իյնալ հռետորական, քարոզչական թէ զգացական հաճոյալից ոռոգայթին մէջ։ Յետ խորհրդածութեան, որոշեցի ներկայացնել այսօրուան իմ նիւթս, մեկնելով պատմա-քաղաքական կարգ մը ճշմարտութիւններ լուսարձակի տակ բերելով, ա՜յն հաստատ համոզումով որ պատմական վճռորոշ պահերուն, մեր ժողովորդը ունեցած է հեռատեսութիւնը եւ բնազդային խիզախութիւնը՝ լուծելու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գերխնդիրներ։ Ահա այդ մեկնակէտէն կ’ուզեմ սկսիլ իմ խօսքս։

Մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան եղած են պահեր երբ մեր ժողովուրդը գտնուած է լինել-չլինելու, մահու-կենաց ճակատագրական եւ խիստ վճռորոշ պահի առջեւ, որոնց դիմաց առած է համապատասխան քայլեր։ Յիշեցնեմ անոնցմէ մի քանին միայն.

ա) հայ գրերու գիւտը որ մեր ժողովուրդին տուաւ անկախ գոյութեան մշակութային-ռազմավարական ամենակարեւոր զէնքն ու յենարանը։

բ) Հայասանի՝ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, որ մեր ժողովուրդին պիտի շնորհէր հոգեւոր եւ կրօնական անկախութիւն, ազգային եկեղեցիի դիմագիծի տարազին տակ։ 

գ) Վարդանանց գոյապայքարը, որ մեր ժողովուրդին շնորհեց իր հաւատքին կառչած մնալու եւ իր երկրին վրայ անկախ ապրելու եւ յարատեւելու իրաւունքը։

դ) 1918ի Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատագրական եւ գոյութենական մարտերը, հուսկ Մայիսեան յաղթանակը, որ մեր ժողովուրդին ընձեռեց անկախ պետականութիւն ստեղծելու ոսկեայ առիթը, 600 տարուան թրքական ստրկական լուծը թօթափելու երազանքը եւ առաջին հանրապետութեան ստեղծումը։

ե) Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրական շարժումը եւ հուսկ, Շուշիի, Լաչինի եւ Քելբաչարի ազատագրումը եւ ցամաքային միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ռազմավարական մի քանի հարցեր լուծեց միանգամայն, որոնցմէ են.

1) Հայաստանի հողային տարածքը բարձրացուց 30 հազար քառ. քլմ-էն 42 հազար քառ. քլմ-ի։

2) Ապահովեց ներկայ Հայաստանի թիկունքը՝ թշնամի Ատրպէյճանէն, յետին փլան մղելով ազերի- թուրք երազանքը, միացնելու թրքական զոյգ պետութիւնները՝ համաթրքական-թուրանական երբեմնի նկրտումներէն։

3) Ազատագումը պատմական Հայաստանի արեւելեան դարպասին,  պատմական Վարանդայի, Ջրաբերդի, Կիւլիստանի, Խաչէնի եւ Դիզակի խամսայի մելիքութիւններուն եւ մեր պատմութեան այնքան հոգեհարազատ հոգեւոր-մշակութային ու պատմական կեդրոններուն ու տարածքներուն։

4) Ռազմավարական խիստ նշանակութիւն ունեցող հարաւի դրացի, դաշնակից Իրանի հետ սահմաններու ընդարձակումով որ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն պիտի շնորհէր գոյատեւելու եւ շնչելու տնտեսական եւ ռազմական յենարանները։

5) Բարոյահոգեբանական՝ տկարի ու ենթակայի մեծ պատուարի քանդումը եւ յաղթանակներ կերտելու դրական հսկայ ներգործութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ, նոր յաղթանակներ կերտելու հայուն կարողութեան վրայ, հակառակ անհամեմատ ուժերու հաւասարակշռութեան ու աշխարհաքաղաքական դժուարին եւ աննպաստ պայմաններուն։

Տակաւին չեմ ուզեր յիշել տնտեսական ու բազում այլ առաւելութիւններ զոր իրագործուեցան արցախեան գոյապայքարին ընթացքին, բայց կ’ուզեմ մասնաւորել Շուշիի ազատագրումը որպէս բարոյահոգեբանական անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող խիզախ իրագործում մը որ յատուկ է միայն մեր ժողովուրդին, ամենադժուարին իսկ պահուն ստեղծելու կամքը՝ յաղթանակներ կերտելու։ Երբ Արցախի  մեր ժողովուրդը կանգնած էր ամէն ինչ կորսնցնելու վտանգին առջեւ, երբ Շուշին որպէս անառիկ բերդ գրաւելու զինուորական բոլոր օրէնքներն ու տրամաբանութիւնները կը մերժէին զինուորական ընտրանքը, ահա մեր ժողովուրդի խիզախ ու անկոտրում կամքը՝ պատմական, հոգեւոր ու մշակութային միջնաբերդը ազատագրելու որոշումը եւ յաջողութիւնը, որ Արցախին շնորհեց վերջնական յաղթանակը եւ ստիպեց թշնամիին՝ ընդունիլ զինադադարի առաջարկները, որովհետեւ այլապէս հետեւանքները արդէն սկսած էին դառնալ ողբերգական՝ Լաչինի, Աղտամի, Քելբաչարի, Ֆիզուլիի, Ղուբաթլիի  եւ այլ տարածքներու ազատագրումով։

Արցախի ազատագրումը իրագործուեցաւ շնորհիւ հայ ազատամարտիկներու քաջարի մարտունակութեան, որ արդիւնք էր հաւատքին, հաւատք՝ հողին, հաւատք՝ մեր պատմութեան ու երթին, հաւատք՝ մեր բազուկին ու կամքին, հաւատք՝ մեր հոգեւոր եւ իմացական բոլոր արժէքներուն, հաւատք մեր ցեղի արժանապատուութեան եւ վերջապէս հաւատք՝ մեր երէկի եւ ներկայի բոլոր նահատակներու կանչին ու ուխտին։ Այս էր գրաւականը մեր յաղթանակին, միասնական ու ամբողջանուէր մասնակցութեամբը Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի, համայն հայութեան։ Ահա այն երրորդութիւնը որ կը զօրացնէ մեզ, կու տայ երաշխիքը մեր հզօրութեան ու յարատեւութեան։

Արցախի ազատագրութեան թափնին Շուշիի ազատագրումն էր։ Եթէ չազատագրուէր Շուշին, չէր ազատագրուեր Արցախը։ Եթէ չազատագրուէր Լաչինը, չէր գոյատեւեր Արցախը։ Ու Արցախը ազատագրուեցաւ ու հայ ժողովուրդը դարձաւ տէրը իր ճակատագրին, իր հողին, իր ներկային ու ապագային։ Շուշին դարձաւ խորհրդանիշը մեր ռազմական գիտութեան որուն օտարներն անգամ հիացումով կը խօսին։ Շուշին պատերազմական յաղթանակ էր ամբողջական իմաստով։ Շուշին դուռը բացաւ յետագայ բոլոր յաղթանակներուն։

Պատերազմը յաղթեցինք, սակայն չենք կրնար հաստատ կերպով ըսել թէ խաղաղութիւնը նուաճած ենք։ Հողը պահելու պատերազմը կը մղենք ամէն օր, որովհետեւ հակառակ տարուած յաղթանակին, Արցախի բնակչութեան աճի հարցը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հրամայական խնդիր է, որ կը կարօտի տնտեսական ու նիւթական համազգային ծրագիրներու եւ հսկայական ներդրումներու։ Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ արտագաղթի լուրջ վտանգ, մեզի համար անհասկնալի եւ անընդունելի դրդապատճառներով, որ կը սպառնայ մեր գոյութեան եւ իրագործումներուն։ Ահաւասիկ այն հիմնական մարտահրաւէրը որ կը դիմագրաւենք ազգովին այսօր Հայաստանի թէ Արցախի մէջ։ Պահել ու հզօրացնել մեր իրագործումները, մեր հողն ու անկախութիւնը։ Կասեցնել արտագաղթը եւ մշակել արտերկիր մեկնած մեր հայրենակիցներուն տունդարձը։ Ահա նաեւ հայաստանի իշխանութիւններուն պետական մակարդակի վրայ մշակելիք ռազմավարական խնդիրը, զոր դժբախտաբար տեղեակ չենք եթէ գոյութիւն ունի, թէեւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան թէ գործնական լուրջ քայլեր չկան այդ գծով։

Սիրելիներ, երբեմն ամեակներ կան մեր պատմութեան մէջ որոնք յատուկ նշանակութիւն եւ իմաստ կը զգենուն։ Մայիսեան մեր յաղթանակները սոսկ օրացոյցային, տօնական թուականներ չեն։ Անոնց նշանակութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան վրայ ունի խիստ կարեւոր դրոշմ։ Իսկ Շուշիի ազատագրութեան 20 ամեակը կրկնապատիկ եւ կարեւոր խորհուրդ ունի իր մէջ։ Շուշիի ազատագրումով հիմը կը դրուէր Լեռնային Ղարաբաղի կանոնաւոր բանակի ստեղծման, որուն 20ամեակը կը տօնենք այսօր միաժամանակ։ Բանակ մը որ իր թուային, արհեստագիտական, մարտական թէ ռազմաուսումնական բարձր պատրաստութեամբ լաւագոյններէն է ամբողջ կովկասի մէջ, ռազմական մասնագէտներուն իսկ վկայութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը երաշխաւորն է այսօր Արցախի անվտանգութեան։ Ան մեր հպարտութեան ներշնչարանն է, մեր արժանապատուութեան լուսաւոր էջն ու գրաւականը։

Սակայն, Շուշիի 20ամեակը կը զուգադիպի նաեւ ճակատագրական պահու մը, երբ խաղաղութեան դաշնագրի բացակայութեան եւ թշնամիին տնտեսական ու զինուորական կարողականութեան աճին հետ եւ մեկնելով շրջանային-միջազգային որոշ պատեհ առիթներէ, թշնամին կը պատրաստուի պատերազմի։ Սա իրողութիւն է։ Հեքիաթ չէ։ Թէ ժամանակի հովերը ինչ ուղղութեամբ կը փչեն, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել։ Թէ նման պատերազմի մը արդիւնքը հայութեան համար նոր յաղթանակներու եւ նոր իրագործումներու կրնայ յանգեցնել, այդ ալ լուրջ հաւանականութիւն է, շնորհիւ վերոնշեալ մարտունակ, կայացած բանակին որուն շքերթին ականատես կ’ըլլանք իւրաքանչիւր զօրահանդէսի ընթացքին եւ ամէն անգամուն մեր սրտերը կը պայթին հպարտութեամբ ու երանութեամբ։ Սակայն, վերոյիշեալ իրողութիւնը մեզ որպէս հայութիւն կը պարտաւորեցնէ զգաստ ըլլալ եւ պատրաստուիլ նման կացութիւն մը դիմագրաւելու նոյնքան վճռական, նոյնքան ճակատագրական ստուգատեսին։ Եկէք մենք մեզի չխաբենք. Որեւէ հաւանական պատերազմ, հսկայական վնաս ու կորուստ պիտի պատճառէ մեր ժողովուրդին, մարդկային, տնտեսական եւ հոգեբանական բնագաւառներէ ներս։ Բայց խուսափիլ մեր ճակատագրէն ու պարտաւորութենէն անհեթեթ ու ապազգային երեւոյթ է։ Արցախը այսօր մեզի պէտք ունի. Սփիւռքահայութիւնը 20 տարի առաջ վերցուց նետուած ձեռնոցը եւ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը՝ ամէն իմաստներով։ 20 տարիներու ընթացքին, սփիւռքը շարունակեց վերակառուցման ու բնակեցման իր ծրագիրները համազգային մաշտապով, իր բոլոր կառոյցներով, իր ժողովուրդի անսակարկ ու անհաշիւ ներդրումով, իր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն անսակարկ նուիրումով։ Այսօր ալ ան պիտի շարունակէ իր ազգային առաքելութիւնը հակառակ մեր գաղութներու ապրած տնտեսական, նիւթական հսկայ դժուարութիւններուն։ Բայց եթէ պատմութիւն պիտի կերտենք, պիտի կերտենք միասին, նոյնինքն մէկ հայաստանի տեսլականով, Հայաստան, Արցախ, վաղը Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան ազատագրելու վճռական տեսլականով։ Այս է մեր պատմութեան երթը, մեր գոյութեան նպատակը, մեր երազներուն վախճանական սեւեռումը, մեր ճիտին պարտքը։ Շուշին մեզի տուաւ ոգեղէն այն հզօր կամքը եւ գիտակցութիւնը որ հայ ժողովուրդը գիտէ զոհուիլ, բայց նաեւ յաղթել, վարժ է ներքին արուեստական բաժանումներու բայց վճռորոշ պահերուն գիտէ միանալ, գիտէ ծառանալ, գիտէ կռուիլ ու յաղթել։ Շուշին յաղթանակի տօնն է, Մայիսեան մեր բոլոր յաղթանակներուն վերջին օղակը, վերջին լուսապսակը, որուն պիտի յաջորդեն նորերը՝ ի խնդիր ամբողջական հայաստանի, ամբողջական հայութեան մեր մեծ երազանքի ու տեսլականի իրագործման։ Պայքարը կը շարունակուի վերանորոգ հաւատքով ու աննկուն կամքով։ Պայքար ամէնուրեք եւ բոլոր ճակատներու վրայ. Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք։ Առանց զօրաւոր սփիւռքի պահ մըն իսկ չերեւակայենք որ զօրաւոր պետութիւն եւ հայրենիքի հզօրացում կրնանք ունենալ։ Հայրենիքը պէտք ունի մեր բոլոր կարողականութիւններուն դեռ երկար ժամանակ։ Ուրեմն պիտի շարունակենք մեր պայքարը, ամէն տեղ, ամէն վարկեան, բոլոր ճակատներու վրայ, որպէսզի վառ պահենք մեր պայքարի օրէ օր աւելի ճենճերող խարոյկը, ի խնդիր նոր յաղթանակներու, նոր «վարդայեղեղ արշալոյսներու»։

Փառք ու պատիւ բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց արեան ու կեանքին գնով մեզի տուին Արցախ Աշխարհի վերատիրացումը, մեր պատմութեան էջերը գրեցին կարմիր բայց բոցեղէն տառերով, որոնք մեզի կը շնորհեն շարունակելու մեր երթը ի խնդիր նոր սխրանքներու, նոր յաղթանակներու։ Կեցցէ՜ Անկախ Արցախը, կեցցէ՜ Արցախի Բանակը, կեցցէ Շուշիի փառայեղ յաղթանակը եւ կեցցեն մեր նահատակ թէ ողջ բոլոր հերոսները։ 

Խաչիկ Տէտէեան

Այնճար