ԽԱՄՐՈՂ ՅԻՇԱՏԱԿ
Փունջ մը կարմիր վարդ,
Պաղ մարմարին վրայ հանգչած,
Անցելապաշտ յոյզեր կը հիւսեն:
Դառն ու աղօտ շիթեր զառիթափ
Կարճատեւ պատրանքներ կը ցրեն
Հուսկ բանքի խոստովանանք որպէս:
Վաղուց հալած մեղրամոմը
Հանգած է յուշերու պատուանդանին
Անկէզ, քաղցր յիշատակի մը տխուր
վախճան որպէս:
Վարդին փերթերը տժգունած են արդէն,
Մտորումներն ալ ցրուած չորսդին՝
Յիշատակին նման կը թառամին:
2009