ՍԷ՜Ր
Հին հարցի մը պատասխան
Ի՞նչ է սէրը՝ հարց տուաւ բարեկամ մը ինծի:
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Տանդ շեմին քեզ անձկութեամբ սպասող,
քեզի անհունօրէն փարող,
քեզ գրկաբաց ընդունող,
անհո՜ւն կարօտը սիրելիներուդ։
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Կէսգիշերային անուրջներուդ մէջ թափառող,
գերող յաճախանքի մը նման ցցուող,
կարօտակէզ տեսիլքը յամեցող:
ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Մութ ու մռայլ անջրպետին մէջ յղի,
կայծակնասուր ակնթա՜րթ մը անուրջի,
ճախրանք մը՝ քու մահամերձ հոգիին:
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Խաբկանքը գեղեցիկին, հայելիին մէջ տգեղին,
վարդի նման անուշաբոյր,
թիթեռի նման վաղամեռիկ:
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Մահուան դիմաց ամեհի՝ թրթռուն ե՜րգը սոխակին,
Քաղցր ու թաթաւուն ճիչով մը արձակուած։
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Գոյատեւելու գաղտնիքը անբացատրելի,
խորհուրդը լինելութեան,
Դաժան ու ապերախտ այս աշխարհին մէջ։
Ի՞նչ է սէրը...եթէ ոչ
Անհեթեթը շղարշած սիրուն քօղը աներեւոյթ։
2008