ՊԱՏՐԱՆՔ

Պատրանք է

Ամէն գեղեցիկ բան, որ կարճատեւ

Իր լինելութեան մէջ կու տայ յո՜յս,

Կու տայ իմաստ ու խորք մեր կեանքին,

Ապա կը մարի ընդհուպ, զիջելով

Մռա՜յլ ու ահաւոր գիշերին, վշտին...:

 

Փայլատակում մըն է գիշերին մէջ,

Ուրախութեան, հրճուանքի զգացումը

Խե՜ղճ այս մարդուն հոգիին մէջ

Պարզապէս հանդէս մըն է ան անցողակի,

Գալիք անծանօթին մեզ պատրաստող,

Մօտալուտ տառապանքին դուռը բացող...:

 

Գեղեցիկն ու հաճելին ցոլք մըն են

Մեր կեանքին մէջ պարզապէս,

Բայց յաւէտ ապրում՝

Մեր ներքին անհո՜ւն ոլորտներուն մէջ...:

 

 

1985