ԽԱՒԱՐՄԱՆ ՊԱՀԻՆ

 

Սպասման թանձր մշուշներուն ընդմէջէն,

Երբ արեւու խաւարման հմայիչ պահին

Դեռ կը հաւատաս հրաշքին քօղածածկ,

Ջլատման ցաւին դէմ յանդիման, կը պայքարիս միայնակ,

 

Սի՛րտ իմ, կը նաւարկես աստղերու հոյլին ընդմէջէն,

Խափանուած արեւուն դուն պաշտամունքին գերին,

Դեռ կը սպասես՝ հաւատալով յարութեան հրաշքին,

Յուսալքումի պահերուն դէմ դրած, կը տոգորիս միայնակ,

 

Ու կը հաւատա՜ս գալիքին տարտամ, խիզախօրէ՜ն,

Խորհրդաւոր լինելութեան ականատեսն ես դուն,

Վկան՝ մարդուն անզօրութեան, բայց եւ ձգտումին գերբնական.

 

Սի՛րտ իմ, խաւարման այս պահին, պիտի յաջորդէ անպայման

Ծիածնափայլ նոր արշալոյս մը շքեղ ու փառապանծ,

Նաւարկէ՜ մորմոքներուդ ծով անձաւներէն,

Սպասուած հրաշքին՝ երբ մարմրող լոյսին բոցը դեռ կը կայծկլտի…

 

Խաչիկ Տէտէեան

8 Ապրիլ 2024, Թորոնթօ