ՏԱՊԱՆԸ ՆՈՅԻ

Ձիւնածածկ լեռներու հալոցին հետ

Ճամբայ ինկաւ նաւը վտարանդի´,

Անդարձ իր ուղեւորութեան հետամուտ:

 

Ճեղքելով ովկիանոսի տարածքները անհուն,

Ղեկը կորսնցուցած նաւու նման,

Տապանը Նոյի,

Հիւսիսի ու հարաւի քամիներէն տարուբեր,

Մտաւ հեռակայ ճանապարհին ուղիները տարտամ։

                                                

Հեռուէն, «Տիտանիք»ի շքեղ տեսքով

Հպարտօրէն կը ճեղքէ ափերը հրաշագեղ.

Լե՜ռը չէ իր փարոսը, իր կիզակէտը այսուհետեւ,

Ոստաններն են դարձեր իր փարոսը լուսեղէն

                  ու կանգառները՝ ցանկալի:

 

Կը թօթափէ իր բեռը պարբերաբար,

                                   պարագայաբար,

Երբեմն ըստ բախտի, երբեմն ալ՝ պարտադրաբար,

Կորստեան ուղիներուն վրայ,

Նոյն ճակատագիրին ընդառաջ:

 

Գացէ՜ք անդարձ ճանապարհներէն շքեղ,

Բայց դէպի ո՜ւր, գիտէ՞ք, դէպի ուր,

Ո՜ր բախտին ընդառաջ

Կ’երթայ ձեր նաւը անուղղայ:

 

Մի՞թէ ջրհեղեղ մը պիտի բերէ ձեզ կրկին տուն,

Թէ՞ վերադառնայ պիտի տապանը

   նոր ուղեւորներով օտարական:

Այն ատեն ո՜ւր պիտի ըլլաք դո´ւք,

Իմ ցեղի մնացորդա՜ցը տարանջատ:

Մի՞թէ լուռ մահաքունի ձեր ապարանքներէն

Կ’երազէք երբեմնի սարերը ձիւնածածկ,

Բայց ապարդիւն... ան՝ ա´լ ձերը պիտի չըլլայ...

 

Մի՞թէ Նոյ մը պիտի ծնի կրկին,

Հաւաքելու այս ցեղը Մորփէոսին ճիրաններէն,

Առաջնորդելու զիրենք տո՜ւն, քանի դեռ ուշ չէ...

 

Մի՞թէ ջրհեղեղ է պէտք կրկին:

 

2011