ԳԷԹ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ
Կ᾿ուզեն երգեմ սէր եւ կին,
Երբ համր են դարձեր լուսին, աստղ ու արեւ,
Ու վերածուեր փորձագիտական դաշտի.
Կ᾿ուզեն պեղեմ իմ հոգին,
Բոցավառել կիրքեր շիջած ու անգոյ հեշտանքներ,
Փնտռել յոյզեր ու գրգիռներ,
Երբ աշխարհի ցաւերը տանջալի
Խզած են լարերը սրտիս:
Կ᾿ուզեն երգել բնութիւն ու սէր,
Խոյս տալ անդոհանքէն ներկայի,
Եւ փարիլ միրաժին աշխարհի:
Կ᾿ուզեն քերթել կեղեւները ծառին,
Թաքնուիլ երէկի կոյս պատեանին մէջ.
Ձեւացնել թէ ոչի՜նչ կայ արտակարգ,
Որ աշխարհը կը շարունակէ պտտկիլ իրենց շուրջ,
Քանի դեռ կ᾿երգեն երազներ վառ:
Իսկ ես կ᾿ուզեմ պոռթկալ ցաւին դիմաց համատարած,
Մեզ կրծող հնամեայ բայց առկայ ախտին ջլատիչ,
Կ᾿ուզեմ չմնալ լուռ հանդիսատես,
Ոչ ալ՝ զուարթ բեմերու հտպիտ,
Որուն հոգին ներքուստ կ᾿արտասուէ խունկ ու մուր:
Կ᾿ուզեն երգենք սէր ու ծառ, կիրքեր բորբ,
Կ᾿ուզեն չտեսնենք… գէթ հանդուրժենք ու լռե´նք,
Բայց լռութիւնը կը կրծէ, կը հիւծէ մեզ,
դարերէ ի վեր.
Խաբկանքն է դարձեր քնաբեր դեղահատը մեր
խոնջէնքին.
Եկէք ա´լ չլռենք,
Գէթ անգամի մը համար պոռթկանք
Մեր ցաւին, զայրոյթին, վրէժին լաւան,
Որ մաքրէ մեզ մահացու մեր ախտերէն…
2017