Հրանուշ Յակոբեանի ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ Գործակցութեան

Տասնամեայ Ուղին (2008-2018)  Վկայարան՝ Տեսիլքի, Հաւատքի եւ Գործի

 

Ժողովրդային առածը կ’ըսէ.- «բանի մը արժէքը կը գիտնաս, երբ կը կորսնցնես զայն»: Հիմա, երբ Սփիւռքի Նախարարութիւնը չկայ, Տիկին Հրանուշը չկայ այդ վիթխարի գործին գլուխը, Սփիւռքը քիչ մը աւելի որբացած է: Ճեղք մը յառաջացած է Հայրենիքին եւ Սփիւռքին միջեւ: Կարօտը անոր հռետորական խօսքերուն, եռանդին, կորովին, խրախուսանքներուն, երկաթեայ ներկայութեան Նախարարութեան շէնքէն ներս թէ այլուր, մեր տագնապներուն քաջածանօթ ու բաժնեկից, զինք դարձուցած էին Սփիւռքին հետ բաբախող Հայրենիքին սիրտը: Իսկ երբ մելանի մէկ հոսքով դադրեցան Սփիւռքի եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնները, բան մը կորսուեցաւ, փշռուեցաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս: Տարիներու ընթացքին կերտուած համակարգ մը փուլ եկաւ: Շնորհիւ Սփիւռքի Նախարարութեան, սփիւռքահայը քիչ մը աւելի մօտեցաւ իր Հայրենիքին, իսկ երկքաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրումէն ետք, Հայաստանի քաղաքացիութիւնը դարձաւ Սփիւռքահայութեան Հայրենիքին պատկանելիութեան ուղին եւ կիզակէտը:

Գալով 3 հատորներէ կազմուած այս գործին, որուն ներկայացման ծանր բեռը իմ ուսերուն դրուեցաւ, խորին երախտագիտութեամբ եւ շնորհակալութեամբ ո՛չ միայն Համազգայինի Թորոնթոյի Գլաձոր Մասնաճիւղին, այլ նաեւ հեղինակին՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, որուն մերժելը անշնորհակալ բան պիտի ըլլար իսկ իր գործն ու վաստակը ներկայացնելը դժուարին առաքելութիւն մը:

Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին, 2000 էջերէ բաղկացած, կը ներկայացնէ Սփիւռքի Նախարարութեան տասնամեայ գործունէութիւնը (2008-2018). սակայն իրաւամբ, ան կը ներկայացնէ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի տասնամեայ գործին ու գործունէութեան սեռուցքը: Ինքն է Նախարարութիւնը, Նախարարը, շարժիչ ու մղիչ ուժը. չյոգնող, դադար չառնող այն տինամոն ու ղեկը միաժամանակ, որ առաջնորդեց Նախարարութիւնը եւ զայն վերածեց գերնախարարութեան: Այս բոլորով հանդերձ, կային թերութիւններ, նկատողութիւններ ու քննադատութիւններ. եւ ինչո՞ւ չըլլար. որքա՜ն գործ, այդքա՜ն ըսելիք ու քննադատելիք, իսկ հայերս բաւական անխնայ ենք այդ մարզին մէջ։

Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին պարտադիր ուսումնասիրութեան աղբիւր է բոլոր անոնց որոնք առհասարակ կ’առնչուին Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հետ հասարակական եւ ազգային գործունէութեամբ, հայութեան հետ աղերս ունեցող ոեւէ գործիչի համար, միով բանիւ, ազգային հարցերով տագնապող ոեւէ անձի համար։ Ան յստակ ճանապարհային քարտէսն է, խարսխուած՝ փորձի եւ գիտութեան առարկայական եւ վաւերական հիմքերու վրայ: Տիկին Հրանուշ լաւ ճանչցաւ Սփիւռքը, նոյնիսկ Սփիւռքահայէն աւելի, եւ ճիշդ ըմբռնեց գործակցութեան ու իրարհասկացողութեան կարեւորութիւնը, բառին շեշտադրումով, հաւատալով Սփիւռքի կարեւոր դերին՝ հայրենաշինութեան, հայապահպանութեան գործին մէջ: Անոր բանաձեւումները այդ գործակցութեան ճանապարհային քարտէսն են, աւելի քան երբէք, միակ ուղին՝ առողջ եւ կայուն ընթացակարգի մը այդ յարաբերութեան ու գործընկերութեան մէջ. թուեմ հիմնական միտքերը.- “Հայաստանը բոլոր հայերու Հայրենիքն է”, “ճանչնալ, վստահիլ եւ գործակցիլ հաւասար գործընկերային պայմաններու մէջ”, “հզօր եւ ապահով Հայաստանի կառուցումը կարելի չէ առանց Սփիւռքին”, “միայն Սփիւռքն է մեր թիկունքը, մեր ռազմավարական գործընկերը”, “բարձր գնահատել համահայկական կառոյցներու ազգանպաստ գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ”, եւյլն:

3 հատորներուն ընդմէջէն երեւան կու գայ այն հսկայական գործը որ կատարուած է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին։ Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովներ համահայկական մասշտապով, մասնա-գիտական գիտաժողովներ, քննարկումներ, շրջանային լսարաններ, ծրագրեր՝ ինչպէս “Արի Տուն”, “Սփիւռք ամառային դպրոց”, կրթական, լեզուական ծրագրեր, փառատօններ, մշակութային ձեռնարկներ, “Սփիւռքի Տարեգիրք”ի հրատարակութիւն, երիտասարդական համաժողովներ, լրատուամիջոցներու եւ մամուլի գործիչներու, իրաւաբաններու, կրթական համահայկական ժողովներ, ասմունքի համահայկական փառատօն, եւայլն, եւայլն: Բոլոր ծրագրերուն նպատակն ու կիզակէտը հայապահպանութեան, Հայրենիքը ճանչնալու եւ Հայրենիքին կապուելու, հայկական մշակոյթին, արմատներուն ու ազգային արժէքերուն ծանօթանալու ու անոնց փառելու, սփիւռքահայուն մէջ Հայաստանն եւ հայ ինքնութիւնը խարսխելու եւ ամրապնդելու, մասնաւորապէս հայ երիտասարդութեան ու նոր սերունդներուն մէջ, որոնք սփիւռքի համաշխարհայնացման ուծացնող հոլովոյթին, «պտտահողմին» մէջ, ինչպէս ինք կը բնութագրէ, կ’ապրին ինքնութեան տագնապ եւ ենթակայ են օտարացման եւ հայկական արմատներէն կտրուելու վտանգին: Հոն են նաեւ հարիւրաւոր ելոյթները, զանազան առիթներով արտասանուած, որոնք կը համադրեն յանձնառու պետական գործիչի, մտաւորական մարդու խոր եւ խորիմաստ մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը, հայութեան հանդէպ տածած իր խորունկ պաշտամունքը, ազնիւ ու համեստ հոգին, վառ տեսողութիւնը, ամբողջական տեսլադաշտը եւ պրպտող միտքը: Միաժամանակ, իրապաշտ է, հաւասարակշռուած, իրողութիւնները կը բնորոշէ այնպէս ինչպէս որ են. կը լսէ բոլորին տեսակէտները, նոյնիսկ քննադատութիւնները եւ լուծումներ կ'առաջարկէ, յստակ ու վճիտ բանաձեւումներ կ'ընէ: Իր ելոյթներուն մէջ կը տողանցեն մեր մեծերու նշանաբան դարձած տողերը, ինչպէս՝ «միասնութիւն՝ գլխաւորի, ազատութիւն՝ երկրորդականի մէջ», (Ներսէս Շնորհալի), «իմ գոյութիւնս մէկ նպատակ ունի միայն - անաղարտ պահել երակներուս արիւնը եւ Ցեղս տեւականացնել» (Գ. Նժդեհ), «հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն» (Մուշեղ Իշխան), «Ով մոռանում է իր ազգային պատկանելիութիւնը, դադարում է մարդ լինելուց» (Պարոյր Սեւակ), «ես չեմ կարող իմ ինքնութեան մասին մտածել իմ հայութիւնից դուրս» (Ուիլիըմ Սարոյեան), «Եթէ կորսնցնենք Արցախը, կը շրջենք հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին էջը» (Մոնթէ Մելքոնեան), «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն... մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին» (Շահան Շահնուր), եւ շատ ու շատ այլ մէջբերումներ եւ տողեր:

Կարելի չէ անջատել գիրքը գործէն. գիրքը գործն է Սփիւռքի Նախարարութեան, այսինքն Նախարարին, կառոյցին, ծրագիրին, ուղեգիծին, գաղափարներուն, առաքելութեան, տասնամեայ աշխատանքին: Հոն է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան ամբողջ հայեցակարգը. Սփիւռքը ի սպաս հայրենաշինութեան գործին եւ Հայաստանը Սփիւռքին նեցուկ կանգնող, աւիշ եւ աւիւն ներարկող գործօնը. ասիկա երազն էր, պետականութիւն կերտելու երազանքն էր, իր բոլոր առաւելութիւններով, նաեւ բացթողումներով: Վերջապէս նոր դարաշրջան մը բացուելու յոյսը կար, հաւատքը կար։ Կային ընկրկումները, թերութիւնները, մարտահրաւէրները, բայց եւ կար Նոր Հայաստանի մը կերտման տեսլականը: Ամէն ժամանակէ աւելի Սփիւռքը իր հարիւրամեայ պայքարին ու դատին մէջ կը տեսնէր հայրենի պետութեան թեւն ու թիկունքը եւ փոխադարձաբար, Հայաստանը կը վստահէր 10 միլիոն հայութեան նեցուկին: «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ եւ մէկ ապագայ», «ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» տեսլականները կը դառնային նպատակ եւ շօշափելի արդիւնք մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Վերջին հարիւրամեակին, ի մասնաւորի, յետ անկախութեան, Սփիւռքի Նախարարութեան ժամանակաշրջանը պանծալի տասնամեակն էր, ոսկեայ կամուրջը Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեան մէջ: Սա իրողութիւն է, փաստ է, զոր կարելի չէ ժխտել: Եթէ այդ օրերուն, ունէինք վերապահումներ շատ մը հարցերու նկատմամբ, այսօրուան մեր խեղճացած իրականութեան դիմաց, անցեալի վերադարձը դարձած է երազանք ու ցանկութիւն:

Երբ յետադարձ ակնարկով կ’արժեւորենք Սփիւռքի Նախարարութեան տասնամեայ գործունէութիւնը, չենք կրնար դրական գնահատական չտալ ա՜յն երեւոյթին որ կը տիրէր Նախարարութեան շուրջ. շարժումն էր տիրապետողը. շարժումը ընդդէմ ճահճացումին, գործը ընդդէմ խօսքին ու լօզունքին, ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ դարերու տեսլականի իրագործումը ընդդէմ ենթադրեալ գործնապաշտ արեւելումին, ընդդէմ ապազգային ու խորթ գաղափարներուն, ընդդէմ միջակութեան ու փողոցային արտայայտութեան ու խօսքին: Պետական մտածողութեան ու Ազգային Ուխտը համապարփակ հայեցակարգով դիտելու ժամանակաշրջան մըն էր Սփիւռքի Նախարարութեան տասնամեայ ուղին, ուր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին,  Համահայկական Հռչակագիրը պիտի դառնար Հայրենիքի եւ Սփիւռքի գործակցութեան ու հայ դատի, պահանջատիրութեան ամուր անկիւնաքարը: Մեծ էր դերը Հրանուշ Յակոբեանի՝ Հռչակագրի ձեւակերպումին մէջ: Հռչակագիր մը, ուր հիմքը կը դրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ սերտ գործակցութեան, ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման արդար դատին, դերերու բաշխումի համակարգուած ճամբով:

Պատմական յիշողութիւնը ժողովուրդի մը ժառանգն է, ծանր բեռը, որ սերունդները պարտաւոր են կրել ու պայքարիլ ի խնդիր արդարութեան հաստատման եւ համամարդկային քաղաքակրթութեան եւ արժէքներու պահպանման: Կարելի չէ ծրարել ու մէկ կողմ նետել ցեղի մը ողջակիզումը, անոր հայրենազրկումը, մշակութային հսկայ ժառանգութեան մը ոչնչացումը, մոռնալ եւ մոռցնել տակ նոր սերունդներու կրթական-դաստիարկչական ու պատմութեան դասագիրքերէն ու ծրագրերէն: Ազգային արժանապատուութիւնը գերիվեր է «ռէալ քաղաքականութիւն» կոչուած կոչերէն ու մօտեցումներէն, որոնք միշտ չէ որ ռէալ քաղաքականութիւն են, այլեւ երբեմն ապազգային ու դուրսէն մուծուած կեղծ կատեգորիաներ: Անիկա ցեղի մը յարատեւութեան ու ոգիին սնունդն է, ժողովուրդներու գոյութեան արժեհամակարգի կենսական ջիղը: Երբ երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդները զրկես այդ արժեհամակարգէն, ի՞նչ սպասել գալիք անդիմագիծ ամբոխէն որ պիտի վիժած սեռուցքը դառնայ, այլեւ ղեկավարութիւնը երկրի մը, որ կը նմանի իր արմատներէն պոկուած ծառին։ Նախարարին ելոյթներուն մէջ միշտ առկայ է հայուն՝ իր արժէքներուն, ինքնութեան, հողին ու արմատներուն կառչած մնալու, լեզուին տիրապետելու, մշակոյթին ջարագովը ըլլալու, երիտասարդ-ութեան՝ իր Հայրենիքին, անցեալի ժառանգութեան տէրն ու պահապանը դառնալու, ազգային արժէքներուն ու դատին կապուելու նախանձա-խնդրութիւնը: Անոր խօսքերուն մէջ յաճախակի կը շեշտուին ընտանիքին, հայ մօր, կնոջ ու երիտասարդութեան կարեւոր դերը. իր ելոյթները լոկ հայրենասիրական շռայլ ու կեղծ զեղումներ չեն, տեսական մտածումներ չեն, այլ ոգիի ու հաւատքի կենարար ջրվէժներ, որոնք արդիւնք են անոր խոր հայրենասիրութեան ու անշեղ հաւատքին,  հաւատացողը անդուլ գործին ու անոր բարերար արդիւնքին, համահայկական մտածողութեամբ առաջնորդուող գործիչին, ի մասնաւորի, միասնականութեան ճամբով բեկում յառաջացնող ներուժի հաւատացողին, միասնականութիւն, որ հրաշքներ կրնայ գործել ի շահ մեր Հայրենիքի ու ժողովուրդի ապագային ու դարաւոր երթին: Հայութիւնն  ու Հայրենիքը յուզող բոլոր հարցերուն հանրագումարն է Հրանուշ Յակոբեանի ելոյթները: Չկայ մարզ, տագնապ որ իր Նախարարութեան քննարկումին առարկան չէ. Չկայ հարց որ իր ուշադրութեան պրիսմակէն վրիպած է ու չէ անդրադարձած անոր: Համապարփակ է, ծաւալուն եւ համընդհանուր՝ իր տեսադաշտը, ու առանցքը՝ Սփիւռքահայութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը յուզող հարցերը, մարտահրաւէրները, դժուարութիւնները եւ գերխնդիրները:

«Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հրամայականը, կ'ըսէ հեղինակը իր ելոյթին մէջ, ամրագրուած է ՀՀ կառավարութեան քաղաքական ծրագրին մէջ, «որը համայն հայութեան միացեալ ներուժը համարում է Հայաստանի Հանրապետութեան մրցակցային առաւել-ութիւնը համաշխարհայնացուող աշխարհում» (Հ. 2 էջ 376): Այսօր, Սփիւռքը Հայրենիքէն տարանջատելու եւ անոնց միջեւ սեպ խրելու Թուրքիոյ հետեւողական քաղաքականութիւնը կարծէք իրողութիւն դարձած է, շնորհիւ այսօրուան իշխանութիւններուն, որոնք յաջողապէս կը գործադրեն այդ քաղաքականութեան դաւադիր դրոյթները, անհասկնալի եւ ամօթալի ձեւով, Սփիւռքը վերածելով մրցակցային զերօ առաւելութեան, այլեւ, մսխուած հսկայ ներուժի: Հազա՜ր ափսոս:

Հեղինակը՝ տիկին Նախարարը գործեց ապաւինելով Սփիւռքի հետ սերտ ու ջերմ գործակցութեան հաւատացողի ամբողջական գիտակցութեամբ. այդ կը վկայեն հատորներուն մէջ ներառուած իր հարիւրաւոր ելոյթները, այդ կը շեշտեն իր գործելաոճը, իր հանդիպումներուն կարկինը, շատ լաւ ըմբռնելով Սփիւռքի առանձնայայտկութիւնները, համայնքներու ներքին զգայնութիւնները, իւրաքանչիւր համայնքի քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներէն ու պարտաւորութիւններէն բխող սահմանափակումները: Սփիւռքեան հոգեւոր կեդրոններուն, Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն հետ խոր ու սերտ յարաբերութիւններն ու կապերը մատնացոյց կ’ընեն իր խոր հաւատքը Սփիւռքի հզօր ազդակին, միասնական բազուկի հրաշքին, անոր դերին Հայրենիքի հզօրացման մէջ եւ փոխադարձաբար, Սփիւռքի այն ծովածաւալ կարիքներուն ու ակնկալութեանց Հայրենիքէն, որոնց դիմաց Հայրենիքը պարտի հասկնալ ու գործել ի խնդիր այդ կարիքներու լրումին: Ի զուր չէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կատարուած բարեփոխումները կը միտէին Սփիւռքի հարցերուն հետ մօտէն առերեսուելու ճիգը եւ այդ աշխատանքներուն մէջ համակարգողի կարեւոր դեր խաղցաւ Հրանուշ Յակոբեանը: Ոսկեայ Կամուրջն էր Սփիւռքի Նախարարութիւնը, որ յանձինս Նախարարին միացուց սփիւռքահայը իր հարազատ օճախին, իր Հայրենիքին:

Յատկանշական է Տիկին Նախարարին հայերէն լեզուի, Մայրենիին եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրներուն եւ իրավիճակին ու ապագային կապուած ամբողջական գիտակցութիւնը, տագնապը: Արեւմտահայերէնի առնչուած գիտաժողովներուն ու ելոյթներուն ընդմէջէն բազմիցս կը ծանրանայ այս հարցին, երբ Հայաստանի շատ մտաւորականներ ու հեղինակութիւններ հետաքրքրութիւն իսկ ցոյց չէին տար հայ լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման գերխնդրին ու արեւմտահայերէնը կորուստէ փրկելու միջոցներու հետապնդման, ընդհուպ պետական աջակցութեան ծրագրերու մշակումին: Մէջբերեմ իր խօսքը. «Այստեղ հնչեցին կարծիքներ, թէ արեւմտահայերէնը միայն Սփիւռքինն է: Արեւմտահայերէնն ազգային արժէք է, այն զուտ անհատների եւ կազմակերպութիւնների սեփականութիւնը եւ գործը չէ, արեւմտահայերէնի հիմնախնդիրները նաեւ պետութեան խնդիրներն են» (Հ. 2, էջ 52): Այլ առիթի, «Արեւմտահայերէնը մեր լեզուամշակութային հարստութիւնն է, մեր մշակոյթի անքակտելի մասը. այն պէտք է լինի հայոց պետականութեան, ողջ հայ ճողովուրդի մշտական հոգածութեան առարկայ»: (Հ 2, էջ 62-63): Վերջապէս, «Մայրենին մեր գոյութեան, մեր ինքնութեան, մեր լինելութեան հիմքն է թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ Սփիւռքում, թէ՛ Արցախում» (Հ 2, էջ 91), «Անիկա ազգային-պետական բարձրագոյն արժէք է, որը կարիքը ունի թէ՛ պետական, թէ՛ հասարակական, ընդհանրապէս՝ համազգային մշտական հոգացողութեան» (Հ. 2, էջ 103): Այս հասկացողութեամբ ան գործեց, համադրելով Սփիւռքի Նախարար-ութեան գործունէութիւնը՝ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի տարբեր բաժանմունքներուն, ԵՊՀ եւ հայագիտական կեդրոններու, Մշակոյթի Նախարարութեան թէ Սփիւռքեան հայագիտական, կրթական թէ հոգեւոր ու մշակութային կեդրոններուն հետ, միշտ վեր առնելով հայապահպանութեան եւ Մայրենիի էական հարցերը որպէս հիմնախնդիր եւ գործելադաշտ։ Նախարարին համար, «աքիլէսեան գարշապարը» սփիւռքի մէջ երիտասարդութեան՝ մայրենի լեզուի իմացութեան հարցն է: Այս տագնապը կը տողանցեն իր խօսքերուն մէջ որպէս մտահոգութեան եւ ուշադրութեան առանցք ու հիմնախնդիր, հաւատալով որ ինքնութեան պահպանման լաւագոյն զէնքն ու վահանը մշակոյթն է ու լեզուն, մեծանուն հայուն՝ Խաչատուր Աբովեանի լեզուի հիմնական դրոյթէն առաջնորդուած:

Հրանուշ Յակոբեանի ելոյթներուն մէջ յաճախ կը շեշտուի հայադարձութեան հարցը. էական հարց մը, որուն մասին քիչ կը խօսուի. ուծացման ուղին բռնած Սփիւռքահայուն իր ժողովուրդին գիրկը ետ բերելու, պայմաններու բերումով հայութենէն կամայ թէ ակամայ հեռացածները ազգին գիրկը վերադարձնելու կարեւորութիւնը: Սա այնքան հրատապ ու կենսական հարց է, զոր կարելի չէ անտեսել: Իսկ հայրենադարձութիւնը պետական ու ազգային քաղաքականութեան ու ռազմավարութեան ծրագրի վերածելու հարցը բազմիցս կը շեշտուի: Այդ ծիրէն ներս, Սուրիահայութեան՝ Հայրենիքին մէջ համարկումի եւ անոնց օրինական թէ կենցաղային հարցերը լուծելու ճիգն ու գործը վառ ապացոյցն էր այդ ռազմավարութեան ու անոր հաւատքին: Առաւել, հայ ներուժի, այսինքն մարդոյժի յայտնաբերումն ու օգտագործումը չմնաց խօսք ու լօզունգ, այլեւ, անոնց Հայաստան հրաւիրելու եւ գործակցելու ապացոյցը բացայայտ իրողութիւն դարձաւ: Այս բոլորին դիմաց, ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի փրկօղակը կը գրաւեն իր ելոյթներու մեծ մասին առանցքը:

Եթէ ուզենք մէկ բառով ներկայացնել Հրանուշ Յակոբեանի մտածողութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ գործելաոճը, ապա անկասկած պիտի ըսէինք՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ է, բառին խոր եւ ամբողջական առումով: Անձնաւորութիւն մը, որ եղաւ Սփիւռքի առաջին եւ միակ Նախարարը, համալսարանի դասախօս, հայ կնոջ իսկական տիպարը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, որ ունեցաւ եւ ունի իր ուրոյն եւ արժանաւոր տեղը մեր քաղաքական, ազգային ու հասարակական կեանքէն ներս:

Հարկ է նշել, թէ սոյն եռահատորը կը յաջորդէր 2020-ին հրատարակած իր ՅԻՇՈՒՄ ԵՆՔ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՈՒՄ հատորին, իսկ 2018-ին լոյս տեսած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ հատորին, որուն մասին իմ գրախօսականէս կը մէջբերեմ հետեւեալը տողերը. «ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի վերջերս լոյս տեսած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԱՇԽԱՐՀՈՒՄ հատորը (650 էջ) հանրագիտարանէ մը աւելի, Սփիւռքի հարցերու ուսումնասիրութեան, հայուն ինքնութեան ու քաղաքական մտքի հոլովոյթին կապուած փաստավաւերագրական աղբիւր մըն է, հսկայ շտեմարան մը տեղեկութիւններու եւ վիճակագրական տուեալներու: Յարափոփոխ եւ բազմաշերտ Սփիւռքին լայնօրէն քաջատեղեակ, անոր պատմութեան, հոլովոյթին, պայքարին, բարդ խնդիրներուն եւ ներքին զգայնութիւններուն մօտէն ծանօթ, հմուտ փորձագէտի մը աշխատասիրութիւնն է ան, ուր ներբեռուած վաւերական ու ամբողջական տուեալները տարիներու անխոնջ բանահաւաք աշխատանքի արգասիքն է, բան մը, որ ցոյց կու տայ Սփիւռքի Նախարարին ‘’իր հօտը’’ մօտէն ճանչցած ըլլալու հանգամանքն ու փաստը: Սոյն Եռահատորը կ'ամբողջացնէ նախորդ երկու հատորներուն մէջ տեղ գտած Հրանուշ Յակոբեանի պետական ու հասարակական գործիչին ողջ մտածողութիւնն ու աշխարհահայեացքը, հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ անոր տեսակէտներն ու մօտեցումները, անոր հոգեկան եւ ոգեկան աշխարհի հենքն ու էութիւնը:

Մօտիկ անցեալին, եթէ ունէինք ինքնութեան, հայապահպանումի, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, Արցախի անկախութեան ամրագրման հարցեր, ապա այսօր, հայ ժողովուրդը եւ Հայրենիքը ունին գոյութենական, առաւել եւս ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու հարց, հայաթափուած Արցախի հարց, Սփիւռք-Հայաստան կամուրջներու վերահաստատման եւ վստահութեան ու գործակցութեան վերադարձի հարցեր, յուսահատութեան կլանող ճահիճէն հայ մարդը դուրս բերելու մարտահրաւէր, Հայ Ազգը, պիտի ըսէի Ցեղին Ոգին վերականգնելու դժուարին ուղին, կարիքը ունինք Սփիւռքի Նախարարութեան վերահաստատման, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու վերականգման: Իրաւամբ, կորսուածը վերագտնելու ճիգ մը, այլեւ պահանջք եւ ցանկութիւն է այսօր մեր երազը: Եկէք այդ երազը ապրեցնենք մեր կեանքին մէջ, ու այդ ոգիով գործենք ու նայինք ապագային: Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութեան Տասնամեայ Ուղին Եռահատորը կու տայ մեզի այդ երազին ճամբան եւ ամբողջական հաճոյքը:

 Խաչիկ Տէտէեան

Թորոնթօ, 30 Յունիս, 2024