ԵՐԲ...

Երբ մեռելները կը վերածնին

Յիշողութեան իրենց մութ գերեզմանէն,

Կը ստանան հերոսի կոչում ու պատիւ

Անոնցմէ, որ գիտեն իմաստն ու արժէքը

Հերոսի...

 

Ու հոն, ուր հերոսները ամէն օր կը մեռնին,

Առանց գերեզմանի, մոռացութեան ճամբաներուն,

Կը մեռնին իրենց հետ ժողովուրդներ՝

Անտարբերութեան ճիրաններուն,

Կ'երթան իրենց կարգին յիշողութեան խաւարի ափերուն...

 

Մեռելներ կը վերածնին,

Ժողովուրդներ կը մեռնին.

 

Խաչիկ Տէտէեան

22 Փետրուար 2024, Թորոնթօ


ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ, 23 Փետրուար 2024