ՄԻ՞ԹԷ

Մի՞թէ որեւէ բան փոխուեցաւ երէկէն ասդին,

Թէ կեանքը նոյն ընթացքն է, անորոշ ու տարտամ։

Մի՞թէ մարդիկ դարձան աւելի խելահաս ու հաշտարար,

Թէ մարդը նոյն մարդն է երէկի, տագնապահար,

վշտահար։

Մի՞թէ արդարութիւնը դարձաւ աւելի համատարած,

Թէ աշխարհն այս կը մնայ կքած՝ պատերազմի ու

         ­­ստրկութեան բազում որոգայթներուն տակ։

Մի՞թէ մահը նուազեցաւ, անօթիները պակսեցան,

Թէ աւելցան ու բազմացան, անհամա՜ր, անհաշի՜ւ։

Մի՞թէ քանդումի զէնքերը զիջեցան խաղաղութեան 

                                                         դրօշներուն, 

Թէ կատարելագործուած աւելի, դարձան համատարած։

Մի՞թէ հարցադրումները մարդուն տակաւ նուազեցան,

Այս հրաշք դարուն գինովցած յառաջդիմութեամբ,

Թէ աւելցան ու դեռ կ’աւելնան ամէն օր, ամէն ժամ,

Մարդոց իրարու դէմ ունեցած ատելութեան չափ։

Մի՞թէ տխրութիւնն իմ փարատեցաւ պահ մը միայն,

Դարձաւ գարնանային անուրջ, պատրանք դիւթական,

Թէ... կրկին տիրեց իմ ներաշխարհին

                     խաւար անջրպետին նման։

2006