ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ
Ընել գործ մը՝ որուն համար հետագային չզղջաս,
Տալ վճիռ մը՝ որուն մէջ սխալած չըլլաս,
Առաւել, ապրիլ կացութիւն մը՝
Որուն մէջ որոշումի ընտրանք չունենաս,
Եղելութիւններ են կեանքի որոշ հանգրուանի մը:
Հաւատալ որ կրնաս փոխել կացութենէն այս,
Յուսալ որ կու գան պայմաններ բարենպաստ,
Ինքնախաբութիւն է միայն,
Եւ պատրանքներ տղայական:
Պահեր կան կեանքի մէջ
Երբ դո՛ւն չես կացութեան տէրը.
Կ’ընես գործեր զորս պիտի չուզէիր ընել,
Կու տաս որոշումներ որոնց համար
Հետագային շատ սուղ գին պիտի վճարես...
1985