Ո՞ՒՐ ԷՔ, ԱՐՔԱՆԵՐ ԵՐԷԿԻ

Բերդ մըն էր անառիկ, ցից ապառաժի վրայ կանգնած,

Զերդ մեր օրերու երկնաքերը վերասլաց,

Կանգնած, դարերու վրէժն ու կիրքը գրկած,

Իր վեհութեամբ դարձած էր ամենազօր տիրակալ։

 

Բարձրացայ վեր, քայլերով անհոգ ու կրծքաբաց,

Դիտեցի բնութիւնը կախարդական՝ վերէն, հմայուա՜ծ,

Ինչպէս օտարուհիին մարմինը՝ ջութակի լար,

Փռուած ցուրտ քարին վրայ, ինքնամոռաց,

Կարծէք Ռոտէնի մէկ արձանն էր՝

աստուածուհին մարմնաւորած։

 

Վարը՝ քաղաքն էր խեղճ, անցեալի փոշիները գրկած,

Պազար առեւտուրի, շուկայ արհեստի, կայարան ուղեւորի։

Խճճուած քաղաք մը աննշան տուներու, զիրար գրկած,

Փռուած բերդին չորսդին, նեցուկ անոր ու պատուար։

 

Լռութիւն էր։ Խո՜ր լռութիւն մը երազային,

Անկապ՝ վարի ժխորին ու աղաղակող վայնասունին,

Անդորրն էր երանելի, անմատչելի՝ ներքեւի բազմութեան,

Որ իր առօրեայ կեանքը կ’ապրէր, անշուք ու դաժան։

 

Ու ես փոխադրուեցայ հազար տարի ետ, երբ

Արքաներ ու իշխաններ կանգնած այստեղ, անվեհե՜ր,

Կը տիրէին ստրուկ իրենց ժողովուրդին՝ անտարբեր,

Իրենց փառքն ու զեխ կեանքը կ’ապրէին տիւ ու գիշեր,

Ու եսի մարտերը կը մղէին մոլուցքով մը արիւնադաւ։

Անցած են դարե՜ր,

Իշխաններն այդ մտած են իրենց դամբարանները շքեղ,

Կը մնայ այս ամրոցը վեհապանծ, վկայ անոնց փառքին.

 

Կը դիտեմ աշխարհը՝ վերէն, չքնաղ,

կարծէք երկինքէն կտոր մ’ըլլայ,

Վարը՝ նոյն քաղաքն է անհրապոյր, աղօտ լոյսերու մէջ,

Նոյն ժողովուրդն է անճարակ, նոյն երգը կ’երգէ ճապաղ,

Օտարուհին կը յամենայ ցուրտ քարին վրայ կիսամերկ,

Գիշերուան իր մեղկ արկածախնդրութեան ընդառաջ։ 

 

Ո՞ւր էք, արքանե՜ր երէկի, ո՞ւր են ձեր օրերը փառքի։

 

Անոնք չկա՜ն, բայց կան նո՜ր արքաներ նո՜ր ժամանակի։

 

2009