ԱՆԾԱՆՕԹ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուած Ռաֆֆի Պալեանին մեկնումը այս աշխարհէն եղաւ լուր եւ խորհրդաւոր։ Շատեր նոյնիսկ չիմացան, հուսկ չտրտմեցան։ Առանց փող ու թմբուկի, անաղմուկ կերպով հեռացաւ ան։ Քիչեր միայն զգացին, սգացին կամ լացին։ Իր կեանքի վերջալոյսին, կեանքին հետ պայքարած, յաղթուած սակայն ինքնաբաւ ու գոհունակ կը մեկնէր ան, պարտականութիւնը լրիւ կատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ։ Իր ուսուցչական ասպարէզի երկարատեւ շրջանին, ան իր ուսանողներուն մէջ կրցած էր ներարկել իր մեղմաբարոյ խառնուածքին ու բնաւորութեան, համեստ ու ազնիւ մարդու նկարագրի առաքինի յատկանիշերը։ Սիրած էր զանոնք ու սիրուած էր հաւասարապէս։ Բանակ մըն են անոնք, ցրուած աշխարհի չորսդին, շատեր բարձր պաշտօններու վրայ, որոնք տեղեակ իսկ չեն այս պահուն թէ այս երկրէն յաւէտ բաժնուած է իրենց սիրելի ուսուցիչներէն ամենէն անծանօթը՝ Ռաֆֆի Պալեանը։ Անոնց ձայնին ու խօսքին թարգմանը ըլլալու պարտականութեամբ կը սգամ ուսուցիչ ՌաՖՖԻ Պալեանը, քիմիագիտութեան մեր հմուտ, համեստ ու սիրելի ուսուցիչին շիջումը։ Անոր մխիթարութիւնը, մեր երախտագիտութիւնն է իրեն հանդէպ. անոր վաստակը՝ իր պատրաստած բանակն է յաջողակ հայորդիներու, ամէնուրեք ցրուած։
Դասընկեր մը, լսելով մահուան գոյժը, պիտի գրէր ինծի.- «Այնպիսի ժամանակներու, երբ համացանցն ու google-ով նաւարկելու, պրպտելու եւ գիտնալու կարելիութիւն տակաւին չկար, ինք իր խանդավառող ու պատկերաւոր բացատրութիւններով գիտէր երեւակայութեամբ գրգռել մտքերը ու վերածել զանոնք քիմիական աշխատանոցի մը, ուր հրաշքներ կարելի էր իրագործել»։ Այդ հաւատքով, եռանդով կը դասաւանդէր Դոկտ. Պալեան իր սիրած նիւթը՝ քիմիագիտութիւնը, նոյնիսկ յաւելեալ պահեր ճշդելով յետմիջօրէներուն ու յոգնեցնելու չափ բացատրելով մինչեւ որ վստահ ըլլար որ մարսած էինք իր աշխատանոցի նիւթը՝ հրաշք քիմիան, կարծէք անմահութեան բաղադրութիւնը ըլլար իր փոխանցածը։ Հպարտ էր իր ուսանողներով, կը քաջալերէր զանոնք որ ձգտին աւելիին, առանց քննադատելու կամ պարսաւանքի, միշտ ժպտուն եւ քաջալերական խօսքով մը։
Ինչքան ծանօթ է ինծի, իր արտադպրոցական կեանքը եղաւ նեղ պարունակի մը մէջ շրջափակուած։ Իր կեանքը իր ասպարէզն էր որ սիրեց ու նուիրուեցաւ անոր ու որպէս այդպիսին մնաց անծանօթ դուրսի աշխարհին, բայց իր աշակերտներով կեանք ու խանդ ապրող մարդն ու մշակը։
Վարձքդ կատար դոկտ. Պալեան։
Խաչիկ Տէտէեան