ԱՆՑԵԱԼԻ ԷԱԿ ՎՏԱՐԱՆԴԻ
Թափառական ու վտարանդի՝
Կը փախչիս շարունակ,
Մինչ ես կը հալածեմ սպիտակ քու ոգին՝
Առկայծող ճրագին տժգոյն լոյսին նման։
Չգտա՜յ քեզ ծառերուն ետին՝
Վերջալոյսին հետ բխող լուսնին առընթեր։
Գտայ քեզ՝ թափառական աստղերուն ընկեր։
Մի՞թէ եկար, ու չտեսայ քեզ,
Մի՞թէ մոռցար մեր սովորութիւնը հոգեպարար,
Յաճախանքի մը նման յաւէտ կրկնուող։
Մի՞թէ եկա՜ր ու չճանչցա՜ր զիս
Իմ տխրադալուկ դէմքին
Կամ սպիտակած մօրուքին համար…
Մի՞թէ անցեալ մը եղար դուն աղօտ,
Իսկ ես մոռացութեան մատնուած՝
Անծանօ՜թ մը, անցեալին մէջ կորած.
Առեղծուած չէ՞ միթէ հոգեխռով այս չափանիշը նոր,
Թէ՝ բնութեան օրէնքն է պարզ,
Որուն պէտք է հաշտուիլ։
Բայց ո՜չ...
Գիշերներուս մէջ թափառող էակն ես դուն միշտ,
Հեշտագին անցեալս վտարանդի...
2011