* * *

Դատարկ առօրեան լեցնել

Անցեալի գեղեցիկ յուշերով,

Ներքին տխրութիւնը քօղարկել

Ապրուած պահերու վերյուշով,

Միակ միջոցն է ապրելու՝

Յամրընթաց այս ուղեւորութեան մէջ

Զորս կեանք են կոչած...:

 

1985