ԿԱՍԿԱ՜Ծ

Օ՜հ, այսպէս դարանակալ ու տարօրէն անգութ,

Կը դեգերիս մտքիս, հոգիիս մութ կածաններէն ներս։ 

Օտարական մըն ես հոն անտարակոյս,

Օտարական մըն էիր, ու անծանօթ մը՝ պարզապէս։

Բայց մտար ահա կատաղօրէն ու յանկարծակի,

Եօթգլխանի վիշապի մը նման,

Ու պալարեցիր հոգիս, անբուժելի՜ախտի մը նման...

 

Կասկա՜ծ... գռեհիկ զգացում մը՝ լլկող ու թշուառ,

Որ մտքի բոլոր հակասութիւնները ընդելուզած՝

Փսխուքի մը նման կը ժայթքէ դուրս հիմա

Տկարութիւնը մարդուն յեղյեղուկ...

 

Գնա՜ հեռու մտքիս խորխորատներէն,

Հոգւոյս թաքուն ու մութ կածաններէն,

Գնա՜ անմխիթար ու խոցուած էութենէս

Ու ձգէ զիս ներանձնական յոյզերուս հետ առանձին։

 

Ես դիւահար մըն եմ այս գիշեր։

 

2009