ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ

                Պաքուի ազատատենչ գերիներուն


Երբ ցուրտ ու մեկուսի

զնտանին մէջ կծկուած

խոր ու ամեհի ցաւիդ մէջ

անանձնական

կը տնքաս լո՜ւռ

աչքերդ ալ խոնաւ

դառնացած՝ կորսուած հայրենիքին,

 

Յիշէ՛ այդ պահուն

ազատութիւնը գերին է միշտ եղած

վիժած մարդկութեան

իսկ արդարութիւնը՝ զոհը

պատմութեան նենգ ու խելագար

ժամանակներուն:

 

Պիտի տոկա՛ս

յամառօրէ՛ն

ուրիշ ելք չունիս

ազնիւ քու հոգին

գալարուող անջրպետին նման

պիտի սաւառնի

լեռներն ու կիրճերը

ազատատենչ սուրբ հողին

որ վաճառքի պահուն

զոհաբերեցին թուրքին.

կատաղած անոր ընդերքներէն

պիտի ծառանայ նզովք ու անէծք

հանգիստ չտայ արիւնարբու ոսոխին

երկրաշարժին նման հանայնակուլ

առնէ զինք ընդերքը հողին

դէպի անէութի~ւն

պիտի տեսնե՛նք ես ու դուն

օ՛րն այդ հրաշքի:

 

Եւ առաւօտուն

երբ աչքերդ խոնաւ բանաս լուսամուտին

անիծես խաւարի չար ոգին

գիշերները տառապագին

հաւատա՛

գերութեանդ շղթաները պիտի մեզի տան

երկիր վերադարձի կամք

հրաշքի մը յոյսը վերստին

 

Ուրիշ ելք չունինք, պիտի հաւատա՛նք:

 

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2023, Թորոնթօ

 

անտիպ