Հայր Անդրանիկ Կռանեան
Մեծութիւններուն մասին չես խօսիր, անոնք իրենց գործով արդէն խօսեցուցած են բազմութիւնները. մեծութիւններուն հետ կը քալես մտովի, անոնց ամէն մէկ խօսքին, արարքին, շարժումին ու կեցուածքին՝ օրինակելի տիպարին ակնածանքով։
Հայր Կռանեանի՝ յանդուգն մտաւորականի ու խոնարհ մարդու զոյգ յատկութիւնները զինք վերածած էին յարգանք ու ակնածանք պարտադրող մեծութեան մը։ Հատու էր իր գրիչը, բայց ճշմարտութեան ի խնդիր: Անկեղծ էր իր խօսքը, մարդկային վսեմ գիծերով: Պարզ էր ու խոնարհ, համբերող, ներողամիտ, գնահատող, համեստ ու ազնիւ, սրամիտ հիւմըրով օժտուած, խորաթափանց ու քաջ։ Սիրուած ու փնտռուած հոգեւորականն էր ան:
Հայր Կռանեան դաստիարակ էր ամէն բանէ վեր: Ոʹչ բառին նեղ կրթական իմաստով: Այլ, մարդուն մէջ հոգեկանը խարանող ու մարդկայինը թրծող ուսուցիչն ու դաստիարակը: Իր խօսքը դաստիարակող էր, իր գործը դաստիարակող էր, իր նիստ ու կացն ու կեանքը դաստիարակող էին: Տիպար մարդն էր, ոգեշնչող ուսուցիչը, համեստ վարդապետը, իրաւ մտաւորականը, մեծ հայագէտը եւ խիզախ մարդը։
Հայր Կռանեան մեծութիւն էր բոլոր այն յատկութիւններուն համար որոնց ինք հաւատաց ու գործեց եւ հեղինակութիւն մը՝ իր վաստակով ու ձգած դրոշմով՝ իր սիրելիներուն, գործակիցներուն եւ աշակերտներուն վրայ: Անոնք տեսան իր մէջ այդ մեծութիւնը, խոնարհեցան իր հեղինակութեան առջեւ եւ սիրեցին զինք: Իսկ ինք տուաւ անհուն իր բարութենէն եւ ժամանակէն՝ մարդուն մէջ Աստուածայինը կերտելու ճիգով։
Հայր Կռանեան եղաւ օրինակելի տիպարը իր շրջապատին: Իր ձգած բացը պիտի զգացուի բոլոր մարզերէն ներս: Իսկ յիշատակն ալ պիտի մնայ միշտ վառ։
Մեծ էր անոր վաստակը: Յարգանք այդ վաստակն ու աւանդը ձգած անխոնջ գործիչին։
Խաչիկ Տէտէեան