ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ...
Իմ ետին ձգած տարիները՝
Երազի, խանդի, պատանեկան մտորումներու,
Խաւարի ու պատերազմի արհաւիրքին ընդմէջէն
Վաղուան կ’երթամ, աղջամուղջին մէջ կորած.
Քիչ մը հաւատք, նոյնքան ալ կասկած
երիտասարդական,
Զիս կը նետեն նոր ուղիներու
ամայի քառուղիի մը դիմաց,
Ուր,
Ցուցանակներ անծանօթ երկիրներու,
Ցուցանակներ նոր գաղափարներու
երեւոյթներու
Իմ դիմաց մարտահրաւէր կը կարդան
Ու հարցականներ կը ստեղծեն այլազան,
Ծանօթ ու անծանօթ հարցեր՝ որոնք միշտ ալ
պիտի մնան անպատասխան...
Ամայի քառուղիին դիմաց կանգնած,
Ես մէկ տարբերակը միշտ նոյն, հի՜ն մարդուն՝
դատապարտուած,
Կը ձգտիմ գտնել ուղի մը փրկարար,
Որուն մէջ փապուղիներ չըլլան, խաւար,
Կ’որոնեմ ելք մը, որ ըլլայ տարբեր
Անցեալի բոլոր ուղիներէն խորթ,
Ուղի մը՝ որ ճշմարտութեան արշալոյսներ բանայ
իմ դիմաց...
Ու տարիները կ’անցնին արա՜գ, միապաղաղ,
նոյն մթագնած երկնակամարին տակ,
Իրենց հետ տարած պատանեկան հաւատքը,
Երիտասարդական խանդն ու եռանդը,
Կապոյտ ու պայծառ երազները,
Ու կը մնամ դատապարտուած
Անորոշ ու անծանօթ իմ ուղեւորութեան...
Աղջամուղջին ընդմէջէն կ’երթամ միանալու
Կարաւանին՝ բազմահազար ուղեւորներու,
Որ անյայտին կ’երթան հլու հնազանդ...
1987