ՔԱՂԱՔԻՆ, ՈՐ ԿʼՕՏԱՐԱՆԱՅ
Քաղաքներէն՝ մաշող, հիւծող,
Փողոցներէն՝ հետզհետէ օտարացող,
Անուրջներու վերածուած անցելապաշտ յուշեր
Կը հեռանան
Տատրակներուն նման մեղմաձայն,
Գունաթափուող պատկերը քաղաքին
Կը դառնայ մտորումներու
անդիմագիծ հոգեվիճակ,
Հինի, նորի,
Կորսուածի ու ներկայի
Անսահմանելի եզրերու ստուգաբանութիւն
անհեթեթ։
Ամբոխներ կ’այլակերպին,
Անուններ, հասցէներ կը փոխուին,
Դիմագծեր կ’աղօտին՝
Օտարացող ժամանակներուն նման,
Ոգի՜ն կը հեռանայ անվերադարձ,
Կռունկին նման մոլորած։
2021