ՏԵՍԻԼՔ

Նստած ամայի ծովափին,

Իր ներքին տարերքին ունկնդիր,

Կը խոկար վարպետը, երկա՜ր:

Հրաշալի ծովն է չորսդին,

Ու կղզիներ աննշան,

Փռուած հոս-հոն, կը պլպլան՝

Աստղերու շուրջպարի մը նման.

Անջրպետ է անհուն, անծայրածիր,

Ու խաւար է պատած երկնքին:

Կղզիներ լուսաւոր,

Իրարու անճանաչ,

Իրարմէ պոկուած,

Հրաբխային արկածի արդիւնք,

Կը գոյատեւեն բախտին,

Բնութեան քմայքին համարատու:

Դառն ճակատագիրն է զիրենք բաժնած,

Ու վերածած մէկզմէկու օտար ու տարագիր.

Գուցէ ալիք մը զօրեղ, շարժ մը ամեհի,

Կլանէ զիրենք ակնթարթի մը մէջ,

Ու նետէ խուլ յատակը՝ անշուք ովկիանին:

Գուցէ եւ շարժ մը ուժգին

Միացնէ զիրենք կրկին,

Դառնալու՝ զանգուած մը միատարր,

Ինչպէս բազում կղզիները այս աշխարհի:

Ըղձանքին գինովութենէն արբշիռ,

Նայեցաւ ան վերջին անգամ ծովափին,

Ու փակեց աչքերն իր հեգնո՜տ՝ լուսաբացին...

 

2011