ՆՈՐ ՏԱՐԻ` ԱՆԹԵՂՈՒԱԾ ՅՈՅՍԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Սրընթաց ժամանակներու ստուերները գրկած,
Տարին կ’աւարտի, մռայլ յանգերով դրոշմուած.
Վշտի շշուկներ, ցաւի դաժան գրկախառնութիւն,
Կորուստի օրագիր, օրերու պաստառին փորագրուած։
Կորսուած ակնթարթները կը յամենան,
Արձագանգի նման, մշուշին մէջ թանձրապատ.
Յոյսի զարկեր, վիշտերով համբուրուած,
Օրերու կտակին մէջ, մոխրագոյն ներկապնակ,
Մինչ տարին կ’աւարտի, ողբի հանդիսութեամբ:
Փորձութիւններու մէջէն յարատեւող, տոկուն սիրտն իմ,
Կը կրէ բզկտուած աշխարհի մը բեռը ահաւոր,
Եւ ցաւը՝ կորսուած հողին, ուր յիշողութիւններ են գամուած,
Դառնահեծ հեքիաթներու սերմեր կը կրեն, արցունքախառն.
Ափսոսանքի դառն ճաշակ, դաժան ելք, ծանր հաշուեգին,
Լռութեան արձագանգներուն մէջ, կը կորսուին երազներ անհուն:
Աշխարհ՝ լուռ ականատեսը դաժան եղելութեան,
Ուր ազատութիւնը կը տնքայ, երկունքին մէջ գիշերին,
Հողին տակ, փոփոխութեան հունտեր կը մնան թաղուած,
Վաղուան յոյսի, երբ արդարութեան ծիլերը աճիլ սկսին:
Ու այս լլկող խաւարին ընդմէջէն, գուցէ կայծ մը ծնի,
Գուցէ կրկին ծառանայ փիւնիկը, արցունքոտ աչքերով,
Զի մոխիրէն կարո՜ղ է յարատեւելու նոր կամք մը ծնի,
Մեր յամառ ուժի, դարերու ուխտի վկայութիւնը գրկած:
Ու մինչ տարին կը հեռանայ, նոր արշալոյսը կը ծագի,
Թող բուժիչ մրմունջները յոյսի, փոխարինեն արցունքները հոսած:
Ժամանակի պաստառին դիմաց, ուր վիշտեր են սերմանուած,
Յոյսը կրկին ծնի մեր սրտերուն, ծլարձակումով մը անսպասելի,
Ու արշալոյսին գիրկընդխառն, բերէ խոստումն իր՝ անթեղուած:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
2023, ԹՈՐՈՆԹՕ
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ, 30 Դեկտ. 2023