ՀԶՕՐՆԵՐՈՒ ԽԱՂԻՆ
Հզօրներու խաղին մեր գլուխը խոնարհեցաւ,
Մէկ-մէկ ինկան խաբկանքի դափնիները մեր վզի,
Համատարած անտարբերութիւն է քայլերը մեր ճանապարհի,
Փերթերը դափնիի, քամիներուն հետ լո՜ւռ կը կարսուին...
Հերթով կը մարին երբեմնի փարոսները հաւատքի ու լոյսի,
Ու ղեկը մեր տապանին լքուած ժամանակի հոսանքներուն՝
Կ'ուղղուի տարտամ...պարտուած հոգիները՝ լաստին կառչած,
''Տէր ողորմեա''ներու մրմունջները խօլ լռութեան մէջ կ'անհետին...
Հզօրներու կռիւին ինկան սուրերը մեր,
Պայքարի ոգին թաղուեցաւ հողին մէջ, հերոսներուն հետ,
Ու երգերը յաղթանակի արգիլուած բառեր են այսօր,
Շեփորները կռիւի նետուած են մէկդի,
Անշքացման արահետներուն դռները լայն են բացուած...:
Խաչիկ Տէտէեան
2024 թորոնթօ