ՄԻ՞ԹԷ ՈՒՇ Է ԱՐԴԷՆ

 

Մի՞թէ ժամը չէ շպրտել մէկդի

Պանթէոնները նուաճուած,

Քուրմերը պիղծ, մեր օրերուն դժնի,

Պատեհապաշտները մեծամիտ ուղարկելու տուն

Ու արժանաւորին տալու կոչում արժանի:

 

Մի՞թէ ժամը չէ մաքրելու

Հոգիները խաթարող, կեղծիք սփռող

Մակաբոյծները մթասքօղ, հրէշները չորսդի,

Այլեւ՝ գործին անյարիր ճարտասաններուն,

Խոցելի մինչեւ իրենց ծուծը պալարած:

 

Մի՞թէ ժամը չէ - եթէ ուշ չէ արդէն -

Զտել բորբ արիւնը ախտավարակ մարմնին,

Սրսկել հականեխիչ շիճուկ բուժիչ

Նոր օրերու պայմաններուն յարիր,

Նստեցնել գահին՝ ազնիւ, մաքրակենցաղ այրին:

 

Մի՞թէ ժամը չէ քանդելու ընդմիշտ

Երեւելի ու աներեւոյթ պատնէշները բոլոր,

Տարբաժանումները կեղծ ու պատիր,

Վերածել խուժանը կրկին ամբոխի մը առաքինի

Եւ ուղղելու զայն ապագայակերտ նոր տեսիլքի:

 

Մի՞թէ ժամը չէ արծուաբոյն բարձունքներէն անդին

Նայելու ապագան կերտող իրաւ ռազմավարութեան՝

Հաւաքական ճիգի վրայ խարսխուած,

Նոր եղեռններու ընդառաջ, զրահելու ազգը ցանուցիր,

Նոր օրերու յարիր զրահանդէսով արտակարգ:

 

Մի՞թէ ժամը չէ ցրելու մէկդի որոմները յարդին,

Նոր շունչ, նոր աւիշ փչելու մեր մահամերձ կերտուածքին,

Խարխափանքի այս օրերուն զգայազիրկ,

Ե՞րբ պիտի շպրտենք մէկդի տմարդիները ռազմի,

Ու զինուորագրենք արժանիները մեր շրջապատի:

 

Միթէ ո՞ւշ է արդէն...

 

2011