ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ
I. ՔԱԼԷ՜ ԱՌԱՋ
Քալէ´, քալէ´, որդի,
Կիրճերէն վեհաշուք,
անձաւներէն տամուկ,
Քալէ´ առաջ, դէպի հորիզոնը պայծառ,
Քալէ´ դէպի բարձունքը անհաս։
Ճեղքէ´ լեռները խրոխտ, սարերը հպարտ,
Դուն՝ անհունին կարեվէր,
Երկինքներուն անհպելի,
Քալէ´ անվերջ, տեսիլքներուդ հետամուտ,
Բայց յիշէ´ ճանապարհին, դադարի պահերուն,
Ինչքան սլանաս վե՜ր,
Եւ որքան յառաջանաս,
Դեռ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է գագաթը նուիրական:
Բայց քալէ, որդի՜, քալէ´ առանց հրաժեշտի,
առանց խոնջէնքի,
Կանգ չառնես վայրկեան մ’իսկ քու սլացքիդ ընթացքին,
Դադարը մահ է, ցաւերու վերյուշ է եւ ունայնի տագնապ,
Կանգառը միջոցին, բզկտող լլկում է ու մահաքուն,
Դուն նայէ հեռուն ու քալէ առաջ,
Նայուածքդ յառած անհունին կապոյտ։
Բայց իմացիր - որպէս իրողութիւն պարզ -
Թէ՝ հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու է հրաշք ափը պատրանքներուդ,
Գուցէ եւ անհասանելի՝ այս կեանքի ընթացքին:
Քալէ´, անցի՜ր, որդի, այս աշխարհէն, արա՜գ...:
II. ՔՈՒ ՀԵՐԹԸ
Հիմա կանգ առ պահ մը միայն, որդի՜,
Ու դիտէ´ շուրջդ, կատղած ու ապստամբ,
Նայէ´ այն խենթ օրերուն, որոնք մերն են,
Տե´ս՝ ինչպէս կը կործանին կայսրութիւններ,
Ոտքի կոխան կ’ըլլան բռնապետեր հնաւանդ,
Տե´ս՝ ինչպէս Նոր գարունի մը երազանքը
Կը ծնի կրկին ոտքերուդ առջեւ։
ՆայԷ´ ու հպարտացիր, որդի՜,
Վաղ թէ ուշ անկցի՜ն պիտի խորհրդանիշերը՝
Պիղծ, սնափառ ու վայրենի,
Ու ձմրան երկա՜ր գիշերները, խիստ ու կատաղի,
Պիտի փարատին. այդպէս է երգը ժամանակի,
Ու խորհուրդն այս աշխարհի:
Տե´ս՝ ինչպէս երամները ծիծղուն
Կը սաւառնին կրկին երկնակամարին,
Ու երգերը գարնանային
Կը պարուրեն անդաստանները քու անեղծ հոգիին,
Տե´ս այս բոլորը եւ հրճուէ՜, սիրելիս,
Թող խինդն ու ծիծաղը ըլլան անբաժան
Քու ճանապարհին, քու երթին ակնթարթային,
Բայց եւ իմացիր, որդի՜, եղիր վստահ՝
Ա՜յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այն ինչ կը վկայես քու անեղծ աչքերով,
Բազում ուրիշներ եղան նոյնին վկան,
Ապրեցան քեզ նման նոյն այդ պահերը՝
Սեւ եւ սպիտակ, ու հեռացան ընդմիշտ
Ձեռնունայն...
Քալէ´, քալէ´ որդի, այս աշխարհէն, արա՜գ...:
2012