ԱՐՇԱԼՈՅՍԸ ԱՓԻ ՄԷՋ

Պատմութեան ձմեռները երկա՜ր են,

         գարնան, կենաց յոյսը՝ սակաւ.

Բայց եւ այնպէս, ուղին անփոփոխ է,

         ինչպէս գետին ընթացքը յստակ:

Հեշտ չէ՜ տոկալ ու հաւատա´լ վաղուան,

         հասկնալ երեւոյթները ժամանակի,

Բայց եւ այնպէս, քիչերը կը հերոսանան

         գիտակցութեան բարձունքը նուաճած:

 

Անկիւնադարձերը հազուադէպ են

         պատմութեան անշեղ ընթացքին մէջ.

Այդ անկինադարձը կ’ապրինք մենք այսօր,

         թէեւ դժուարին պահու մը մէջ:

Ժամն է տեսիլքին համազօր աշխատելու,

         համազգային զօրաշարժ յայտարարելու,

Ուր ամէն ոք դեր մը ունի վերապահուած,

         հաւաքական ճիգը մարմնաւորած:

 

Միա´յն այն ատեն փոքրերը կը բարձրանան

         իրենց տեսիլքին, պայքարին մեծութեամբ,

Միայն անո´նք կը մնան յաղթական՝

         պատմութեան դաժան դատաստանին դիմաց...:

 

1983