ԳՈՒՑԷ ԱՅՆ ԱՏԵՆ
՛՛ Պատմութիւնը պարտուածին կ'ըսէ, աւա՜ղ,
բայց չի կրնար փոխել կամ ներել: ՛՛ Ժորճ Օրուէլ
Ու ղօղանջը՝ կորուսեալ հայրենիքի կոտտացող ցաւին,
Կը յամենայ բազում սրտերու մէջ, ու մտքին,
Պիտի արձագանգէ դեռ երկա՜ր ժամանակ,
Մինչեւ գերեզման հալածէ անոնց, գուցէ եւ անդին…
Աւա՜ղ, այլոց համար՝ մոռցուա՜ծ աղէտ մը, անխուսափելի՛,
Կ'ապրին իրենց հեշտոտ կեանքը, զեխ վայելքը կամ օրնիբուն,
Անոնց համար հայրենիքը պատրանքն է, հաճելի,
Վաղն արդէն ուրիշ հայրենիքներ գտնեն երեւի,
Եթէ պատերազմի փողերը թակեն դռներն իրենց տան…
Իսկ ո՞ւր են ոգիները բորբոքող մարգարէները վեհ,
Միս ու ոսկոր հագած իջնէին հրապարակ,
տաճարները փարիսեցւոց,
Խարանէին հոգիները թուլամորթ, միտքերը՝ շփոթած,
Խօսէին հայրենիքին յաւերժութեան, սրբութեան մասին,
Խօսէին, եւ ո՛չ միայն, այլ գործով անանձնական,
Հողին, հանճարին մասին, հրաշքին զօրութեան,
Խօսէին Ցեղին անցեալին մասին, հերոսական երթին,
ու հզօր բազուկին.
Պիտի գան անկասկած ամբոխներուն ընդմէջէն,
Ցցուին մեր դիմաց դէմքերն այդ պայծառ,
մարգարէներն այդ երանելի,
Դուրս բերեն մեզ պարտութեան տիղմերէն,
յուսալքումներէն հալումաշ,
անտարբերութենէն ողորմելի,
ցոփութիւններէն զազրելի,
տգիտութնէն համատարած,
Պիտի գան անպայման, վաղ թէ ուշ, Ցեղին ծոցէն,
Նոր ''խենթեր'' առաքինի, հերոսներ՝ լուսաճաճանչ,
Փոխեն պատմութեան ընթացքն այս գահավէժ…
Օ՜հ, գուցէ ա՛յն ատեն, պատմութիւնը ներէ մեզ…
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
ԹՈՐՈՆԹՕ, 2024