ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ

Խոպան է արտը

Ու սակաւ՝ մշակները,

Դաշտերուն պատած է երաշտ

Ու ամայութիւն համատարած։

 

Հոգիներուն մէջ կայ սով ու երաշտ

Ու ամայութիւն ամէնուրեք:

 

Կը հեռանան հիները երախտաշատ

Ու ժլատ է բերքը մարդու տեսակին։

 

Խոպան է արտը

Ու սակաւ՝ մշակները:

 

Յարափոփոխ օրերուն հետ

Կը մթագնի հորիզոնը,

Վիհը կը խորանայ,

Ամայութիւն կը տիրէ, խո՜ր խաւար:

 

Խափանուած արեւին անձկութիւնը՝

Բարձրագոչ պահանջք է հիմա։

 

2016