ՍԱՓՐԻՉԻ ԱԹՈՌԻՆ ՎՐԱՅ

Սափրիչին աթոռին վրայ նստած,

Կ’ունկնդրէի ակամայ, դիպուկ խօսքերը

Բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրած

Ժիր աշկերտին, որ կ’ըսէր.

 

- Բոլոր ձեր վարդապետները վաղը հաշիւ պիտի տան,

Ու ծանր հաշիւ մը անկասկած... մեծէն փոքր.

Քրիստոս այդ վարդապետներուն համար ըսաւ.-

«Ըրէ´ք անոնց խօսքերուն,

Ոչ անոնց գործերուն համաձայն»:

-Ձեր եկեղեցին ալ՝ ցուցափեղկ մըն է գրաւիչ, ուր

Ինքզինք ցուցադրելու կու գան մարդիկ:

Քրիստոս իր տասներկու աշակերտներով ինչե՜ր ըրաւ,

Իսկ բոլոր ձեր եկեղեցիները ի՞նչ ըրին մինչեւ հիմա:

Փառքի ու հանգիստի համար ապրող այդ մարդոց՝

Հոգն անգամ չէ, թէ ի՜նչ կը պատահի հոս մեր մօտ.

Զբաղած են զիրար յօշոտելով ու ձաղկելով միայն:

Ֆրանսայի մէջ, այսպէս կոչուած քրիստոնեայ,

Խա՜չն անգամ արգիլուեցաւ լաչակի մը ծածկոյթին տակ:

Ու դեռ կը յաւակնիք, թէ բան մը կ’ընէք դուք.

Վաղը երբ պարպուի Արեւելքն ալ քրիստոնեայ,

Ահա ա´յն ատեն կը զգաք, թէ ի՜նչ է մնացեր մեզի հոս:

Ես պէտք չունիմ ձեր եկեղեցիին, իմ եկեղեցին՝

Քրիստոսն է ու Աւետարանը... վերջ»:

 

Այսպէս ըսաւ ան ու նստաւ լո՜ւռ,

Քմծիծաղ ու վիշտ իր դէմքին:

Լո՜ւռ էին բոլորը եւ անճռկած:

Խե՞նթ է, հիւա՞նդ մը, թէ՞

Անուս աշկերտ մը պարզամիտ, կ’ըսէին ոմանք:

 

Իսկ ես, դառնացա՜ծ

Աճապարեցի փախչիլ դուրս...

 

2010