ԱՉՔԵՐ

Աչքեր կան ամօթխած,

Կը կիզեն սրտեր, երբ բորբոքին.

Աչքեր կան հրաբորբ,

Կը խանձեն հոգիներ,

Երբ դիպուածով հանդիպին իրենց թիրախին:

 

Յուշեր կան անթեղուած,

Կը կիզեն փակ մատեաններ անցեալի, երբ սթափին:

Ու նկարներ փոշեծածկ,

Երբ դուրս գան լոյսին, հոգիներէ շրջափակ,

Կը ժայթքեն թանձր արիւն տաք:

 

Աչքեր կան, որ կը խամրին,

Բայց կ’այրեն անցեալի նման,

Երբ դիպուածով դպչին hանգած մոխիրին:

Յուշեր կան անթեղուած, մոռցուած ընդմիշտ,

Բայց կ’առկայծին ակամայ,

 

Եւ երբ առկայծին,

Կ’այրեն երէկի ու գալիքի

Բոլոր էջերը ցամաք:

 

2010