ԱԿՆԹԱՐԹ ՄԸ ՄԻԱՅՆ

Փակեցի աչքերս,

Դէմքդ իսկոյն պայծառացաւ իմ դիմաց.

Ուզեցի գգուես զիս

Ու ես արտասուեմ գրկիդ մէջ, երկա՜ր։

Չհաւատացի՜ր՝ որքան

Փխրուն էի դարձեր. իսկ դուն՝

Կը թուէիր ըլլալ անտարբեր.

Մտքերդ ցրուած կը թուէին ըլլալ,

Հոգիդ՝ ալեկոծ,

Ու աչքերդ՝ միշտ հրավառ։

Առի ձեռքերդ ջերմ ու դրի զանոնք սրտիս.

Սրտիս՝ որ տկարացած էր,

Վիրահատուած, տագնապներէն հիւծած,

Սպասումներէն եւ անձկութիւններէն ջլատուած,

Բիւր բեկումներով դարձած ալեւոր ու անկար։

Կը ցանկայի փարէիր ինծի,

Մեղմէիր հրայրքը սրտիս,

Կը ցանկայի փակել աչքերս,

Ու մոռնալ ամէն բան,

Չլսել շշուկ ու ոտնաձայն,

Չտեսնել ոչ ոք, բացի քեզմէ,

Ու աչքերդ հեռասլաց.

Անտարբեր էիր, թերահաւատ,

Հեռո՜ւ էիր կարծես.

Իսկ ես կը ցանկայի արտասուել

Աղջամուղջի ցօղին նման,

Կ᾿ուզէի՝ հաւատաս վերջապէս,

Որ ես ուրի՜շ անձ մըն եմ հիմա,

Որ քե՜զ կը ցանկայ միայն։

 

Բացի աչքերս, աւա՜ղ չկայիր ալ…

 

2013