ԻՄ ՇՈՒՐՋ
Իմ շուրջ աղջամուղջ էր յարատեւ,
Իմ ճամբան՝ անտեսանելի ուղի մը՝
Երկար ու անվերջ,
Ու իմ անձս՝ մութ աշխարհ մը՝ չհամակերպող,
Ինքն իր հետ գժտուած:
Մտար դուն այդ աշխարհէն ներս,
Լո՜ւռ բայց անարգել,
Կարդացիր զայն յստակ,
Հաւատացիր գերազանցօրէն,
Ու սպասեցիր իմ ուշացած խոստովանութեան:
Երկա՜ր թափառումներէ,
Ճախրանքներէ, որոնումներէ ետք,
Տեսայ վերջապէս դէմքդ պայծառ
Աղջամուղջին մէջ ցցուած,
Տեսայ զայն ջինջ ու հաստատ,
Կարծես գաղտնիք մը ըլլար բացայայտուած.
Եկայ քեզի լո՜ւռ, անաղմո՜ւկ,
Յայտնելու սէրս թաքուն՝
Զոր երկար էի պահեր
Ինչ-ինչ պատճառներով ներհուն.
Հաւատացի որ նոյնինքն
Ճակատագիրն էր մեզ միացուցեր կրկին,
Ու ժամանակը վկան էր եղեր
Մեր սիրոյն անկեղծութեան, յաւերժութեան:
1992