ՈՐԲԱՑԱԾ ՔԱՂԱՔԻ ՀԱՌԱՉԱՆՔ
Ալիեւին
Կը քրքջա~ս հիմա, թշուա՛ռ արարած,
Կը հեգնես ցաւն ու տառապանքը իմ ցեղին,
Մատդ թափահարելով աջ ու ձախ,
Կը կարծես յաւե~րժ տիրած ըլլալ մեր երկրին,
Հարբած՝ յափշտակուած աւարէն, արիւնով թաթխուած:
Եւ ապշած կը նայիս չորսդիդ, հրա՛շքը՝ հայուն կերտած,
Կ’ուզես հաւատալ, թէ բազո՞ւկդ քաջարի
Քեզի տուաւ յաղթանակն այս անհնար, ո՞չ արջը հիւսիսի,
կամ միւսները, քեզի նման նենգ ու ատելավառ,
Ու դրօշդ պարզած, խրոխտ ու սիգաճեմ կաքաւի մը նման,
Կ’անարգես դրօշը, որ քեզ ահ ու սարսափ տուաւ
30 տարիներ երկա՛ր.
Զգո՛յշ, թշուա~ռ արարած,
Արդարութիւնը չես կրնար եղծել երկար ժամանակ,
Ուրիշինը խլել ու տիրել պիտի չյաջողուի քեզի, հաւատա՛,
Քամիները ժամանակի պիտի փչեն կրկին հայոց լեռներն ի վար,
Ինչքա~ն ալ ջնջես դարաւոր հետքերը մեր, պղծես ու անարգես,
Չես կրնար ընկճել զայրոյթն ու անէծքը հողի՛ն, ոտքերուդ տակ.
Հողը սրբազան, պումերանկի մը նման, պիտի ժայթքի քու դիմաց,
Ու պատմութիւնը զգետնէ պիտի վիժուած հրէշները քեզի նման,
-Յիշէ՛ կայսրութիւնները երէկի, որոնք աւազամրրիկին
պէս եկան ու անցան -
Ու վերադառնան պիտի հողին տէրերը հարազատ,
Շպրտեն արձանդ մէկդի, դրօշդ ալ՝ արիւնաթաթախ,
-Յաւերժը ա՛ն է, որ տէ~րն է այդ հողին Աստուածատուր,
Իր նահատակներուն արեամբ շնչող, քրտինքով շաղախուած:
Ուրեմն հրճուէ՛ հիմա, ինչքան դեռ կա՛ս ու կրնա~ս,
Պիտի փչեն կրկին քամիներ բոցավառ, մեր երկրին վերեւ,
Ու դեռ պիտի գան ուրիշ օրեր լուսապայծառ,
Այս ցեղը ընկճուած, Արարատին պէս վեհ,
Քոչուոր քու ցեղդ վտարեն արեւելքի տափաստանները խոպան…
Մենք կը հաւատանք թէ սա երա~զ չէ,
Ոչ ալ՝ ցնորք, կամ պատրանք գիշերի,
Մերը հաւատամք է, վրէժի ուխտ միանգամայն,
Եղի՛ր վստահ:
ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2023 Թորոնթօ