ՔԱՂԱՔԻՆ, ՈՐ Կ’ՕՏԱՐԱՆԱՅ
Քաղաքներէն օտարացած,
Փողոցներէն օտարացող
Կ’երգենք մեր երգը բորբ ու երգը հպարտ,
Անցած ու յուշ դարձած երէկի բոլոր
սխրանքներուն անաւարտ,
Կ’երգենք եւ գալիք ժամանակներուն օտար,
Որ մեր երթն է, դաժան երթը վտարանդի:
Մեր կուրծքերուն տակ ագահօրէն արմատացած
Երգն այդ գոյութեան երգն է սխրանքի,
Յաղթանակի երգն է երկար դարեր նուաճած,
Հաւատքի, յոյսի երգն է, որ կը կոտտայ յաւերժաձայն,
Հողի՜ն, արեա՜ն երգն է, որ կը ղօղանջէ մշտական:
Մեր երգը յուզիչ է, մեր ցաւերուն ահագնութեամբ,
Մեր երգը կռուի մահերգն է օրհասական պահերու,
Մեր երգը մեր ցեղի բողոքն է անէծքին մահացու,
Մեր երգը արեան, կրակի բոցն է,
վրիժառու ժամանակներու,
Ու երբ լռէ՜ մեր երգը դաժան, ոխակալ պահերու,
Մեր երգը մեր սրտի կոտտանքն է կսկծալուր,
Կռունկի յուզախառն երգն է,
տարանջատուող ժամանակներու,
Նոր այգաբացի մը անձկագին ողջոյնի մրմունջն է,
Յաւերժաքայլ ուղեւորութիւնն է հաստատ:
Քաղաքներէն օտարացած,
Փողոցներէն օտարացող
Կ’երգենք մեր երգը կրքոտ, երգը խելագար,
Հեռակայ ժամանակներուն,
Խարխափող ու ոգեվար սրտերուն,
Պայքարի դաշտին վրայ շիջող,
մահերգող ամբոխներուն:
Քաղաքներէն օտարացած,
Փողոցներէն օտարացող
Կ’երգենք մեր երգը կրքոտ, մեր երգը հպարտ,
Ներկայ ու գալիք բոլոր ժամանակներուն...
2011