ԱՊՐԻԼ

Ապրիլ է կրկին,

Ու յարութեան շունչը կը թեւածէ չորսդին,

 

Եռագոյն դրօշներ կը ծածանին ամէնուր,

Պայքարի կոչեր կը սլանան երկինք,

Հայուն հզօր կամքին, հաւատքին երաշխիք:

 

Օ՜ն ոտքի´, ո՜վ սերունդ նոր հազարամեակի,

Գրկէ´ դրօշը, թող արդարութեան ձայնը հնչէ չորսդի,

Մինչեւ որ իրաւունքը դառնայ եղելութիւն շօշափելի:

 

Օ՜ն ոտքի´, սերունդներ գալիք յաղթանակի,

Վերցուցէ´ք ջահը մեր պապերու անառիկ հաւատքին,

Մինչեւ որ Հայաստան բոլորիս տունը դառնայ երանելի:

 

Ահա Ապրիլ է կրկին,

Ու հայութիւնը դարձած է միաձոյլ բանակ, 

 

Օ՜ն ոտքի´, սերունդներ քաջարի,

Այսօրը՝ վաղուան յաղթանակի ծիլն է բերրի,

Այսօ՜րը մեր նորոգ ուխտի ժամն է յիրաւի:

Օ՜ն ոտքի´, ո՜վ սերունդ նոր հազարամեակի,

Գրկէ´ դրօշը, թող Արդարութեան ձայնը սաւառնի,

Մինչեւ որ Ան դառնայ իրողութիւն պանծալի:

 

2010