ՍՈՆԱՏ

Դաժան օրերուս արհաւիրքէն փախչած,

Կը խոկայի, վիշտերով համակուած,

Մայրիներու հովանիին տակ նստած

Գտայ աստղս՝ ճաճանչներ հագած:

 

Հարբած աչքերուն մէջ զգլխիչ,

Տեսայ հրավառ ցոլքը ներքինիս.

Մեղրածոր շրթներուն վրայ խռովիչ,

Բոց կար, նոր կեանքի մը աւետիս:

 

Բնութեան անդորրին մէջ խորասուզուած,

Հոգիս մերկ դրի իր դիմաց.

Փոխադարձ սիրոյ հաստատումէն ներշնչուած,

 

Պաշտեցի զինք աւելի քան Աստուած:

Այնուհետեւ, Սէրը ինծի համար դարձաւ

Ապրելու, գոյատեւելու հիմքը խորիմաստ:

 

1985