* * *

Երբ ոչինչ կ’ընեմ, կը խոկամ.

Ու այս պահուն,

Երեկոյի անհուն լռութեան մէջ,

Դառնութեամբ կը մտածեմ

Պատանութեանս կորսուած տարիներուն

Եւ դեռ կորսնցնելիք

Երիտասարդութեանս մասին...

 

1985