ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱՀԱՅԵԱՑՔԸ


Մեր ժողովուրդի եւ աշխարհի չորս կողմի դժուարին եւ տագնապալի այս օրերուն, նմանօրինակ գրական ձեռնարկները յոյսի եւ լոյսի դուռեր են, որպէսզի մտնենք մտքի, լոյսի եւ խօսքի տաճարէն ներս եւ հաղորդակցինք մարդկայինէն վեր եղող արժէքներու, գաղափարներու եւ մտածումներու հետ:

Անձը հոս գործիք է, գիրքը՝ միջոց, հաւաքը՝ պատարագ մը, ճաշակելու եւ հաղորդուելու մարդն ու հայը յուզող մտքին ու գաղափարին հետ: Եւ այսօր, մեզի կը հրամցուի նոր հունձքը Հրայր Ճէպէճեանի մտքին, գաղափարներուն, փորձառութեան եւ տագնապներուն՝ հատորի մը մէջ, որ երրորդն է Հրայրի գրական-ստեղծագործական աշխարհին:

Տարիներու մեր ծանօթութիւնը եւ նաեւ իր գործին ու խօսքին ծանօթութիւնս, զիս աներկբայօրէն կը մղէ յայտնելու, թէ Հրայրին խօսքին առանձնայատկութիւնը իր անկեղծութիւնն է. Հրայր կը գրէ ինչպէս որ կը մտածէ եւ ինչպէս որ կը խօսի, անմիջական, պարզ ու հաղորդական:  Տագնապ ապրող եւ ըսելիք ունեցող հայ մարդն է ան. իր ճամբորդութիւնները միջոց են պեղելու մարդկային կեանքի տուայտանքները, տագնապներն ու փորձառութիւնը, անոր մէջ փնտռելու բարին ու ազնիւը, Աստուծոյ շնորհքին բարիքները մարդոց կեանքին մէջ, բայց մասնաւորաբար Հայը, որուն տագնապն ու գոյատեւման պայքարը իր լուսարձակին տակ կը գտնուի միշտ. կը պեղէ ու վեր կը հանէ անոր մէջէն յոյսի եւ լոյսի կայծ մը, լուսաւորելու համար հայուն ճամբան: Խաւարին մէջ լոյսը փնտռող եւ յոյս ներշնչող հայ մարդն է Հրայրը: Մեր օրերուն, դժուար է այս ճիգը, այս փորձը, բայց ինք անդրդուելի է, որովհետեւ կը հաւատայ Աստուածային նախախնամութեան ուժին եւ հայուն կամքին ու կորովին:

Իր յօդուածները երբ կը կարդանք, Հրայր զրոյցի նստած է սուրճի  բաժակի մը շուրջ, բայց դիմացի խօսակիցը ինքն է, իր ներաշխարհը եւ մտածումները. կը խօսի ինքն իր հետ, իր նոր ծանօթացած հայերուն ընդմէջէն տիալոկ կը ստեղծէ, կը վերլուծէ, միտքեր ու գաղափարներ յառաջ կը մղէ, անոր ընդմէջէն իր եզրակացութիւնը եւ պատգամը փոխանցելու մեզի: Այդ եզրակացութեան մէջ հայու պայքարին յաղթանակն է եւ համամարդկային արժէքներու ամրապնդումը:

Իր Սփիւռքահայ Կեանքը Ինչպէս որ Տեսայ հատորին առիթով գրած էի, կը մէջբերեմ. “Հրայրի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է. փնտռել ու վերհանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ի վերջոյ, մարդը ինքնին արժէք է, չէ՞ որ մարդը Աստուծոյ հարազատ որդին է, Անոր պատկերով արարուած, ու այդ ուսուցումին հաւատարիմ, ինք կը պեղէ մարդկային սիրտը, կը գտնէ արժէք մը, բարոյական գիծ մը այդ մարդուն մէջ ու կ’ապրի ի՛ր երջանկութիւնը, գիւտարարի երանութիւնը:

Հրայր կ’որսայ յոյսը, հայո՛ւն յոյսը, մա՛րդ արարածին յոյսը, այսինքն՝ գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ ուր կ’այցելէ, իւրաքանչիւր հայու որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդուն անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ’ապրի եւ կ’ապրեցնէ իր ճանապարհագրութիւններուն ընդմէջէն: Դժուար է մեր օրերուն նմանօրինակ լաւատեսութիւն ապրիլ ու ներշնչել, դժուար է հաւատալ, բայց Հրայր կը հաւատայ, Աւետարանին խօսքին զօրութեամբ զինուած կը հաւատայ աւելի պայծառ գալիքին, եւ այդ հաւատքն ու յոյսն է որ կը փոխանցէ մեզի: Դժուար առաքելութիւն մըն է այս ճիգն ու յոյսը ապրիլը, բայց ինք կը յաջողի: “ Այս է Հրայրը, Հայ մը որ կը թափառի աշխարհի բոլոր անկիւնները, կ’որոնէ հայ մը որպէս խօսակից, կը լսէ անոր պատմութիւնը, կ’արձանագրէ հայուն տագնապն ու ընկրկումները, կը հաւատայ թէ հայուն ճակատագիրը կը նմանի փակուղիի մը, որուն աւարտին պիտի ծագի լոյսը, հայուն լոյսը:

Հրայրին յօդուածները ճամբորդի տեսագրական պատումներ են, ճամբորդական նոթեր. Հոն կան հայուն տարբեր խաւերէն եւ շերտերէն մարդիկ, որոնք նաեւ հում նիւթեր են նոր պատկերի մը, վիճակի մը, պատումի մը. մարդիկ, որոնք ըսելիք եւ պատմելիք ունին, որոնք լսող կ’ուզեն իրենց պայքարն ու ճիգը արձանագրող. ու ինք հաւատարմօրէն կը փոխանցէ անոնց խօսքն ու պատգամը։

Հրայրի յարաբերական կապերը, հետեւողականութիւնը, ազնիւ ու անկեղծ խօսակիցի յատկութիւնները, անմիջականութիւնն ու մարդկային գիծը հիմնական յատկանիշներն են իր նկարագրին: Իր քրիստոնէական հաւատքի խօսքերէն բխող լոյսը ներշնչման աղբիւր են իր շրջապատին, իր ընթերցողին համար: Իր կեանքի նուիրաբերումը Աւետարանի խօսքին տարածման եւ հայուն գոյապայքարին ու հայ մշակոյթին մեծապէս գնահատելի է եւ վաւերական:

Հրայրին ֆիզիքական աշխարհագրութիւնը հայկական Սփիւռքն է, անոր հոգեկան, մշակութային եւ ոգեկան տարածքներու ծիրը, ուր, Դիոքինէսի լապտերով մարդը կը փնտռէ, հայը կը փնտռէ: Հրայր չի յոգնիր իր արշաւանքին մէջ, իր «աւար»ը, «գանձ»ը՝ հայ մարդը գտած ըլլալու ուրախութիւնն է, եւ այդ գանձը կը բաժնեկցի մեզի հետ, կը հրամցնէ մեզի ինչպէս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն է, հաղորդուելով իր ներաշխարհէն անդէն հայուն խաչելութեան ու փրկութեան խօսքին հետ: Այս է իր աշխարհահայեացքը եւ առաքելութիւնը:

Սիրելի Հրայր. զիս կը զարմացնէ քու յամառ ճիգդ սեւին ու մոխրագոյնին մէջ փնտռելու եւ գտնելու ծիածանի գոյները. գիտեմ որ դժուար առաքելութիւն մըն է այդ մէկը, բայց կը հաւատաս այդ առաքելութեան եւ այդ մէկը գրաւականն է քու յաջողութեանդ: Շարունակէ թիաւարել մինչեւ այն ատեն որ կը տեսնես դուն այդ գոյները քու տեսադաշտիդ մէջ եւ պարգեւէ մեզի հաճոյքը այդ գիւտին: Քեզի կը մաղթեմ ամենայն յաջողութիւն եւ բարիք:

Խաչիկ Տէտէեան

Թորոնթօ 10 Հոկտ. 2024