ԱՆՈՆՔ
Անոնք սուր ու յամեցող տագնապներ չունին հիմա,
Ուրախ են՝ երեխաներու անմեղունակ քրքիջով,
Փակ շուկաներուն մէջ կþոստոստեն այծեամի նման,
Բուրաւէտ վարդերն են՝ գիշերուան սիւքին:
Անոնք անդրանցած են սին թապուները երէկի,
Ու մրգաստանի հեզահամբոյր զերդ կոկոններ՝
Կը դարպասեն նոր աշխարհի պտուղները բարեհամ,
Ո´չ ինքնանպատակ մեղքով մը կարծեցեալ:
Անոնք արեւու տենդին մաղուող ցօղերն են,
Երկիր մոլորակի վայելքներու բոյրն ու համը
Իրենց քիմքն է, ու իրենք թամբը՝ հրաշափառ ձիուն,
Որ կեանքն է, կը սուրայ առաջ, անարգել ու խրոխտ:
Անոնք չունին հոգ ու ցաւ, բարդոյթներ՝ անժամանցելի,
Իրենց օրէնքը՝ ժամանակի պահանջներն են, իսկ իրենք՝
Դատաւոր-օրէնսդիրները՝ անկայուն ժամանակներուն,
Որ կը բերէ հիւսիսի գաղջ հովը՝ մերկացնող հմայքին:
Անոնք ժիր են, ցանուցիր ու զեփիւռն են գալիք տօթին,
Կը թօթափեն ախտերը երէկի, գալիքին ինքնահմայ.
Յորժամ բացուին ծիլերը կանաչ, վարդերը քաղցրաբոյր,
Յայնժամ պիտի աւետեն գարուններ նուաճելու իրենց
Ինքնամատոյց սխրանքին մասին, փողերով բոմբիւն:
Անոնք մեր տխուր ժամանակի ոգիներն են հեշտասէր,
Փափկասուն տեսակը՝ որուն հրապոյրը կը զգետնէ,
Մեր մոռացութեան հովերն են անբարեհամբոյր,
Որ կը գլէ սահման ու երկիր, բարքեր երէկի,
Անոնք մեր շուրջն են, մեր մէջն են եւ մենք ենք՝
Այս փոփոխուող ժամանակներու լուսաճճիները անհոգ։
2014