ԾԱՆԻ՜Ր ԶՔԵԶ
Ո՜հ, ես գիտեմ, որ պիտի չըլլա՜մ կաղնի մը՝
Խրոխտ ու սէգ, հզօրներու շքեղ անտառին մէջ.
Այլ՝ կաղնիներու շուքին ներքեւ հասակ նետած
Ուռենի մը տխրադալուկ, որ, թեւերն իր տարածած՝
Վիճակուած է նախանձալուռ դիտելու
Կիզիչ արեւը հեգնանքով դիմակալող
Խրոխտ կանգնած հաստաբուն ծառերը խիտ:
Ո՜հ, ես գիտեմ, որ լուսանցքին վրայ այս աշխարհի,
Համեստ տեղ մըն է վիճակուած ինծի.
Ոչ անպայման տաճարի մը տեսքով փառահեղ,
Ոչ ալ երկնաքերի մը հասակով սլացիկ,
Այլ խաչքարի մը խոնարհ կերպարանքով հեզ,
Ծուարած շուրջի տատասկներուն ներքեւ:
Բայց ի՜նչ փոյթ: Կը մնամ անհունօրէն գոհունակ,
Որ մարդկութեան ահեղավազ այս կառքին գահավէժ՝
Զսպանակող պողպատեայ նիգ մը ըլլալու բախտին
Պիտի արժանանա´մ օր մը ես:
2009