ՄԱՀԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Լեռներու լանջին նոր մեհեաններ կը կանգնին,
Արիւնի, մահուան ու սուգի պաշտամունքին նուիրուած...
Երբեմնի վանքերն ու մզկիթները յաւէտ քանդուած,
Տեղն իրենց կը զիջին նոր աստուածներուն ոխերիմ:
Երէկի արժէքներն ու ոգին գունաթափ են հիմա...
Անմարդկային ըմբռնումներու թոյնով են կուտակուած:
Խարխափումի ու տգիտութեան թմբիրին մէջ ինկած
Երկիրն այս, նահանջի ու կորստեան ուղին է բռնած...:
Մշտադալար մայրիներն հնաւուրց կեա՜նք կ’աղերսեն...
Կանաչ դաշտերը խանձուած, արիւնով ծածկուած,
Անմխիթար որբի նման թշուառութեան բոյն են դարձած,
Հոգեվարքի մէջ մահուան կուրծք բացած, կը սպասե՜ն…
Պատերազմի արհաւիրքը սպաննած է հոգիները տկար.
Վախն ու յուսալքումը կուրցուցած են մտքերը մարդոց.
Անդին, մահը կը հնձէ մէկ առ մէկ մարմիններն անոնց՝
Որոնք երէկ մահը անարգած, այսօր ինկած են
ցանցին մէջ անոր...:
Եկեղեցիները չեն, որ խունկ կը բուրեն այսուհետեւ.
Երկիրն ամբողջ գերեզման դարձած խունկ
կ’արտաբերէ...
Աղօթքները մոռցուած, սրտերը քարացած լո՜ւռ են,
Վաղուց դադրած են տրոփելէ, հպատակած են
ճակատագրին անողոք…:
1986