ՓՈՂՈՑՆԵՐ ՀԱՐԱԶԱՏ
Պուրճ Համուտին
Ես կրկին իջայ փողոց այսօր.
Ոչ անոր համար, որ ծարա՜ւ մը մեծ
Զիս կը մղէր մարդկութեան գիրկը նետուելու,
- Ես վաղո՜ւց դադրած եմ անձկութիւններէն -
Այլ պարզապէս ցոյց տալու բոլորին,
Թէ կա´մ, մեռա՜ծ չեմ ամենեւին...
Ես չեմ քալեր այլեւս...
Վաղուց դադրած եմ քալելէ
- Փողոցներն ի վար, հոսանքն ի վեր -
Գլխապտոյտ պատճառող
Ձանձրացուցիչ նոյն փողոցներէն.
Ես ու այս փողոցները նոյն անունը կը կրենք,
Որ կը կոչուի՝ ակամայ գոյակցութիւն...:
Ես այս փողոցներուն տուած եմ
Անձկութիւննե՜րս, իղձե՜րս թերաւարտ.
Տուած եմ հոգեխռով յոյզերս բոլոր,
Խենթ գիշերներու թափառումներս անվերջ,
Գաղջ ու տօթ օրերու խոնջէնքս ամբողջ.
Տուած եմ պահերս տխուր, պահերս կենսուրախ...
Ես նոյնացած եմ անոնց տագնապներուն,
Անոնց թորեալ ցաւերէն խմած եմ ցմրուր,
Կաթիլ-կաթիլ ամէն իրիկուն,
Ու այգաբացին ճապաղ եկած եմ դուրս,
Ողջագուրած անոնց պատերը քրտնաթաթախ...
Ո´չ ոք գիտէ՝ ինչքա՜ն սէր, ինչքա՜ն վիշտ
Ձուլած եմ անոնց էութեան մէջ տարտամ,
Ու անոնց ատաղձէն, խիճէն ու շաղախէն
Կերտած եմ յուշարձան մը այլանդակ,
Որ կը մնայ առ այսօր կանգնած
Հրապարակին վրայ յաղթութեան,
Ուրկէ անցան, անհետ գացին
Հերոսներ խոնարհ, ծանօթ-անծանօթ,
Առանց աղմուկի, փողի, թմբուկի...
Ես այս փողոցներուն զաւակն եմ հպարտ,
Խոնարհ անցորդը աննշան, որ
Կը յամենայ մայթերուն վրայ ընդերկար.
Ու եթէ դեռ կ’իջնեմ փողոց ամէն առաւօտ,
Պարզապէս յիշելու միշտ, թէ ե՜ս ալ
Օր մը անդարձ պիտի հեռանամ ու բաժնուիմ
այս փողոցներէն հարազատ....
2010