ԻՄ ՀՈԳԻՆ
Իմ հոգին անկոփ անդաստան է ցորեանի,
Զոր քաղելու պիտի գայ Ան, երբ իջնէ արտ հունձքի,
Իմ հոգին բուրեան է երփնագեղ, ոսկեգոյն,
Ուր կը փթթին սիրոյ յոյզեր բաբախուն:
Իմ հոգին սառցակղզիի հրաբուխն է կատաղի,
Որ կը ցայտէ գորշ ամպեր ու ածուխ մուգ,
Իմ հոգին երկրաշարժ է Չին, Չիլ ու Ճափոնի,
Ուր կը թաղուին պատրանքներ, յոյզ ու անձկութիւն:
Իմ հոգին փակ մատեան է հաստափոր,
Ուր կ’ամփոփուին թախիծն ու խինդը ժամանակի,
Մերթ ընդ մերթ դուրս կը ցայտեն լաւայ ու հուր,
Էութիւն մը անթեղուած՝ կը տնքայ հոն լո՜ւռ:
Իմ հոգին մատեանն իր կարդացողը կ’ըղձայ:
2011